
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Այս տարուան 9 ամիսներուն ընթացքին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, սպանութիւններու դէպքերը 8ով աւելցած են, յայտարարած է Ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան զօրավար Յունան Պօղոսեանը:
Միաժամանակ նուազած են դիտաւորեալ կերպով առողջութեան վնաս հասցնելու դէպքերը: 5.2 տոկոսով աւելցած է ծանր յանցագործութեան բացայայտումներու արդիւնաւէտութեան թիւը, շուրջ կիսով նուազած են հասարակական վայրերուն մէջ կատարուած դէպքերը։ Խօսելով ընդդիմութեան կազմակերպած 10 Հոկտեմբերի հանրահաւաքին մասին՝ ան տեղեկացուցած է, որ ներկայ եղած են շուրջ 16 հազար քաղաքացի: Նախորդ հանրահաւաքներուն ընթացքին հասարակական կարգը պաշտպանող ոստիկաններուն թիւը շատ աւելի կ՛ըլլար, իսկ այս հանրահաւաքին նկատելի էր ոստիկաններու քիչ թիւը: Ըստ անոր՝ ոստիկանութիւնը յատուկ կերպով չի պատրաստուիր 24 Հոկտեմբերի հանրահաւաքին, քանի որ «նման դէպքերում ոստիկանութեան հիմնական խնդիրն է լինում օպերատիւ իրավիճակի վերլուծութիւնը եւ հասարակական կարգի պահպանումը»: