ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Արշակ Տիգրանեան վարժարանին մէջ Հայ Մշակոյթի ամսուան բացումը կատարուեցաւ հայկական պտուղով՝ ծիրանով, երբ աշակերտութիւնը Հոկտեմբեր 8ին առիթն ունեցաւ դիտելու Շիրակ Խոջայեանի «Ծիրան՝ Օրհնուած Պտուղը Հայաստանի» վաւերագրական շարժապատկերը:
«Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Ծիրան» ֆիլմը: Վաւերագրական այս շարժապատկերը՝ մասնագէտի հմուտ աչքերով նկարահանուած, փոխադրեց աշակերտները Հայաստան», ըսաւ վարժարանի Հայկական բաժանմունքի վարիչ Անահիտ Նասոյեան:
Երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ այս ֆիլմը փաստերով կը պատմէ, թէ ինչո՞ւ ծիրանը հայկական պտուղ կը նկատուի: Հոն կը ներկայացուին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ծիրանի բազմաթիւ տեսակները, կը տրուին ծիրանափողի մասին տեղեկութիւններ եւ կը ցուցադրուին ծիրանով պատրաստուած չիրի ու խմիչքներու արտադրութիւնները: «Ճանաչողական այս ֆիլմը իրապէս դաստիարակչական էր, հաճելի ու զուարթ մթնոլորտ ստեղծեց աշակերտներուն մօտ», աւելցուց Ա. Նասոյեանը:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան այլ միջոցառումներ, ինչպէս՝ Հայոց պատմութեան զարգացման մրցում եւ թատերական ելոյթ: