
ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Աւելի քան հազար համակիրներու, նուիրատուներու, գործիչներու, համայնքի ղեկավարներու, քոնկրեսականներու եւ նահանգային ու քաղաքային մակարդակի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը, որ առիթ մը հանդիսացաւ քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելու աննախընթաց յաջողութիւնները ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած քաղաքական գործիչներ, բարերարներ ու կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած անձնաւորութիւններ։
Դրօշակներու արարողութիւնը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն կողմէ, իսկ քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ «Լարք»ի երեխաներու «Ծիածան» երգչախումբի անդամներուն կողմէ։ Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ ներկաներուն ողջոյնի խօսք արտասանեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արշօ Պէյլէրեան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ապահոված են ձեռնարկի յաջողութիւնը։
Ապա տեղի ուենցաւ Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տպաւորիչ տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որմէ ետք Արեւ-մտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան բեմ բարձրացաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արշօ Պէյլէրեանին ու յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ՝ ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորող Մայքըլ Սարեանին։ Ապա, տարուան իրագործումներուն մասին խօսելու փոխարէն, ան խնդրեց ներկաներէն, որ այդ իրագործումներուն մասին կարդան իրենց տրամադրուած տեղեկագիրէն, իսկ ինք անցաւ անկեղծ զրոյցի մը՝ համայնքին ու Հայ Դատի յանձնախումբին դիմագրաւած դժուար իրականութեանց վերաբերող։ Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ Հայ Դատի յանձնախումբին ամսական կամ տարեկան օժանդակութիւններ տրամադրելով՝ գործնականապէս մասնակից դառնան անոր աշխատանքներուն, «յատկապէս, երբ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, ու Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը ամէնօրեայ սպառնալիքի տակ կը գտնուի», իսկ թրքական եւ ատրպէյճանական լոպիները հայկականէն առնուազն 10 անգամ աւելի կը ծախսեն։ Ան խօսքը աւարտեց մատնանշելով Հայ Դատին ի նպաստ շարունակական, յամառ եւ միացեալ աշխատանքի կարեւորութիւնը։
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Փաթիլ Աբօշեան-Գասպարեան եւ Հայկ Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Մայքըլ Մահտէսեան, «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնեցին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեվըն տէ Լէոնին, որ յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած էր նահանգային մակարդակի վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դասաւանդման, ինչպէս նաու Արցախի անկախութեան ճանաչման ի նպաստ բանաձեւերու վաւերացումը ապահովելու ջանքերուն մէջ։
Քեվըն տէ Լէոն շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար՝ միաժանակ նշելով, որ իր պաշտօնակիցներուն՝ Ատրին Նազարեանի, Խաչօ Աշաճեանի եւ Մայք Կաթոյի հետ, սերտ համագործակցութեամբ իրականացուած են վերոնշեալները, եւ խոստանալով մօտէն գործակցիլ հայութեան հետ, որ կը պատրաստուի նշելու Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։
Նախքան ընթրիքը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Յարութ Սասունեան ներկայացուց ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորող Մայքըլ Սարեանը, որ իր կարգին դրուատեց Հայ Դատին տարած աշխատանքը, զայն կենսական համարեց հայութեան դէմ շարունակուող անարդարութեանց դէմ դնելու համար, միաժամանակ՝ խոստանալով իր կարելին ընել Հայ Դատի պաշտպանութեան համար։ «Ոչ միայն պիտի վերապրինք, այլ պիտի բարգաւաճինք, եւ կասկած չունիմ, որ մեր դրօշը դարձեալ պիտի ծածանի Արարատի վրայ», եզրակացուց ան։
Յայտագիրի երեկրորդ բաժինի բացումը կատարեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, լուսարձակի տակ առնելով եւ դրուատելով երիտասարդութեան ունեցած կենսական դերը Հայ Դատի պայքարին մէջ եւ ներկայացնելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած հետեւեալ երիտասարդները՝ Տենիս Ալթունեան, Նելլի Աստուածատուրեան, Յակոբ Ազատեան, Հռիփսիմէ Պիյազեան, Սարին Հապէշեան, Զարեհ Հայրապետեան, Ճերարտ Խաչատուրեան, Ռուտի Քէշիշեան, Ալինա Սարգիսեան, Արեւիկ Շահնազարի եւ Լոռի Սինանեան, որոնք իրենց կամաւոր աշխատանքով իրենցմէ ակնկալուածէն աւելին տուած են Հայ Դատին։
Ապա, բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ 40 ոտք պաստառին վրայ, ուր ցուցադրուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկին (Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին (Near East Relief) յաջորդած կազմակերպութիւնը) փրկարար գործունէութեան նուիրուած վաւերագրական ֆիլմ մը, ուր երախտագիտութիւն կը յայտնուէր հայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարած այդ կազմակերպութեան։ Աւելի քան 132,000 հայ որբերու փրկութեան առաջնորդած Միջին Արեւելքի նպաստամատոյցի բարերարութիւնը չէ սահմանափակուած միայն որբանոցներու հաստատումով, այլեւ կրցած է կենսական նպաստներ ապահովել Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Արփի Ճիւելեկեան եւ Փիեռ Ենոքեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Գարօ Խանճեան եւ Արեւմտեան Հայ Դատի յանձնախումբի «Շնորհալակութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի համաատենապետներ Վանա Կիտցինեան եւ Հռիփսիմէ Փախանեանս «Մարդասիրական» մրցանակը յանձնեցին Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկին։ Մրցանակը ստանձնեցին հիմնարկի ատենապետ Շանթ Մարտիրոսեան, նախագահ Չարլզ Պենճըմին, Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռը՝ դոկտ. Հենրի Մորկընթաու Դ., հիմնարկի փոխատենապետ Ճանսըն Կերըթ եւ Քիթ Քուկըն։
Շանթ Մարտիրոսեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան ժառանգորդը հանդիսացող Մերձաւոր Արեւելքի հիմնարկը, որոշած են սերտօրէն գործակցիլ՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն համար շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւին ընթացքին: Ան յիշեցուց, որ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը Սեպտեմբեր 16, 2015ին է՝ կոչ ընելով լաւապէս նշելու անկիւնադարձային այդ թուականը, եւ երախտագիտութիւն յայտնելով մատուցուած կենսական նպաստներուն համար։
Զգացական այս ներկայացումէն ետք, բեմ բարձրացան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներ Այտա Տիմէճեան ու Պերճ Կարապետեան, «Ժառանգութիւն» մրցանակը յանձնելու համար բարերար, գործարար եւ Հայ Դատի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ մարդասիրական շարք մը նախաձեռնութեանց նեցուկ կանգնող Վահէ Կարապետեանին՝ լուսարձակի տակ առնելով տասնամեակներու վրայ երակարող անոր անձնուէր աշխատանքը։
Իր ելոյթին մէջ, Վահէ Կարապետեան նախ վերահաստատեց Ամերիկայի Հայ Դատին շարունակաբար նեցուկ կանգնելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ապա կոչ ըրաւ համայն հայութեան, որ առաւել կազմակերպուած ու միացեալ ջանքերով պայքարի՝ ապահովելու համար իր իրաւունքերը ոչ միայն Միացեալ Նահանգերու մէջ, այլ աշխարհի տարածքին։
Ապա, Սթիւ Արթինեան դարձեալ բեմ բարձրանալով յիշեցուց, որ Վահէ Կարապետեան մօտէն կը հետեւի Հայ Դատի գործունէութեան, Քոնկրեսի սրահներէն մինչեւ Փոքրիկ Հայաստանի թաղերը, եւ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ իբրեւ Հայ Դատին նեցուկ կանգնելու յստակ եւ բարձրաձայն նոր ցուցանիշ, ան որոշած է 50,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կատարել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։
Իրենց կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Ռաֆֆի Քասապեան եւ Նարեկ Կիտցինեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Կարօ Մատէնլեան, «Արդարութեան æատագով» մրցանակը յանձնեցին իրաւաբան Տէյվիտ Պալապանեանին, նշելով, որ Պալապանեան աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին իր ժամանակը անձնուիրաբար տրամադրած է Հայկական Հարցին ու ամերիկահայերու իրաւանց պաշտպանութեան՝ աւելցնելով, որ անոր իրագործումները ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն հզօր եւ ազդեցիկ է ամերիկահայ պահանջատիրութեան շարժումը, որ համայնքային կեդրոններէն կը հասնի մինչեւ թաղային խորհուրդներ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի սրահներն ու ատեանները, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ իրաւանց ապահովում երաշխաւորելու համար:
Տէյվիտ Պալապանեան շեշտեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայութեան վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ուրացում նոր վէրքեր կը բանայ ու ցաւեր կը պատճառէ։ Ան յոյժ կարեւոր համարեց մեր պատմութեան տէր կանգնիլը ոչ միայն խօսքերով, այլ շօշափելի արարքներով, որոնք պիտի հաստատեն ու յիշեցնեն աշխարհին, թէ հայութիւնը որքա՛ն կարեւոր ներդրում ունեցած է այդ տարաշրջանի պատմութեան մէջ։ «Իսկապէս որ չափազանցութիւն չէ ըսելը, թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան բարգաւաճման հիմը դրուած է անոնց կողմէ, որոնց ներկայութիւնը այսօր կ՛ուրացուի Անգարայի կողմէ», եզրակացուց ան՝ խոստանալով շարունակել իր կարելին ընել, թիկունք կանգնելու համար Հայ Դատին։
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամներ Մուրատ Թօփալեան եւ Արթին Մանուկեան, կազմակերպութեան «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը շնորհեցին Հայ Դատի գործիչներ Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի, Անի Հարոյեանի, Պերճ Պարսումեանի, Ճէյմզ Գալուստեանի եւ Անի Մարտիրոսեանի, որոնք հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են իրենց շրջաններուն մէջ հակահայ եւ ատրպէյճանամէտ բանաձեւեր ձախողութեան մատնելու աշխատանքին մէջ։
Արդէն ժամանակը հասած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր մրցանակի յանձնումին. ներկաներէն խնդրուեցաւ ուշադրութիւն դարձնել պաստառին, ուրկէ ելոյթ ունեցաւ «Ազատութեան» մրցանակին արժանացած Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան։ Նախագահը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական Սփիւռքին, որ հաստատակամ կերպով կը շարունակէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ու Արցախի անկախութեան ճանաչման ի նպաստ պայքարը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Ռաֆֆի Համբարեան եւ Սթիւ Տէտէյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Լեւոն Կիրակոսեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան «Ազատութեան» մրցանակը յանձնեցին Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանին։
Ձեռնարկի փակման խօսքը արտասանեց Ռաֆֆի Համբարեան, մատնանշելով Հայկական Հարցին ի նպաստ պայքարին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ունեցած կենսական դերակատարութիւնը։ Ան Հայ Դատի յանձնախումբը նկատեց Հայաստանի երկրորդ բանակը, ապա միշտ արթուն եւ պատնէշի վրայ մնալու կարեւորութիւնը շեշտելով՝ փակեց իր խօսքը։
Ձեռնարկի մասնակիցներուն ամբողջական ցանկը տեսնել անգլերէն լրատուութեան մէջ, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել ancawr.org կայքը կամ facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը, իսկ «Twitter»ի եւ «Instagram»ի վրայ՝ @ANCA_WR հասցէն։