ՊԱՔՈՒ, «Ազերնիուզ».- Ատրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ատրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ։ Վերջին երկու երկիրներուն մէջ կեդրոնները պիտի բացուին ընթացիկ ամսուան վերջաւորութեան կամ Դեկտեմբերի սկիզբը։
Կեդրոններուն նպատակը պիտի ըլլայ ատրպէյճանական սփիւռքը աւելի լաւ կազմակերպել ու զայն աւելի ազդեցիկ դարձնել։ Անոնց նպատակներէն մէկն է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման ի նպաստ աշխատանք տանիլ։ Աշխատանքը կը համակարգուի թրքախօս երկիրներու միութեան հետ։ Ըստ Պաքուի՝ ներկայիս Ատրպէյճանէն դուրս աւելի քան 150 ատրպէյճանական կազմակերպութիւններ կը գործեն 30 երկիրներու մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.