ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, թէ Իսրայէլի մէջ կարգ մը շուկաներ պոյքոթի կ՛ենթարկեն թրքական արտադրութիւնները, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անցեալ շաբթուան խիստ յայտարարութեան։ Արդարեւ, Էրտողան քննադատած էր Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու դէմ առնուած քայլերը՝ զանոնք նմանցնելով Ատոլֆ Հիթլերի արարքներուն։ Էրտողանի այս արտայայտութիւնը զայրոյթ յառաջացուցած էր Իսրայէլի մէջ, ուր քաղաքական շրջանակները արդէն իսկ անհանգիստ են Թուրքիոյ կողմէ Պաղեստինի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութենէն։
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ պոյքոթին հետեւանքով, մինչեւ 93 միլիոն տոլարի արժէքով ապրանք դուրս պիտի բերուի հրապարակէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.