25 Նոյեմբերին «Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարեց Մոսկուա-Երեւան թռիչք կատարող օդանաւը, որով հայրենիք վերադարձան Ճափոնի մէջ սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականի անդամները:
Օդակայանը մարդաշատ էր: Մարզաձեւի բազմաթիւ երկրպագուներ հաւաքուած էին դիմաւորելու յատկապէս աշխարհի ախոյեան Մաւրիկ Նասիբեանը, որ ամէնէն զօրեղն էր մարտական սամպոյի 74 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ։
sambo.am-ին տուած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին Մաւրիկ Նասիբեան յայտարարած է, որ իր յաղթանակը կը նուիրէ Արցախի երկինքը նահատակուած հայ օդաչուներուն:
Յիշեցնենք, որ թէ՛ նոր ախոյեանը, եւ պրոնզէ մետալի արժանացած Աշոտ Դանիէլեանը արցախցի են ու կը ներկայացնեն Սամպոյի եւ ճիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.