ԵՐԵՒԱՆ.– Չինարի ու Մովսէս շրջաններու ղեկավարները դրական կը նկատեն կառավարութեան կողմէ մշակուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին սահմանամերձ համայնքներուն ընկերային աջակցութեան տրամադրման եւ այդ շրջաններուն մէջ իրականացուող գործունէութիւնը հարկերէ ազատ կացուցելուն։ Անոնք դիտել տուած են, որ ասիկա իրենց համար սպասելի որոշում էր, բայց լաւ պիտի ըլլար, որ զանոնք մշակելու ընթացքին իրենց հետ խորհրդակցէին։
Ըստ անոնց՝ հարկային արտօնութիւնները գործարարներուն համար դէպի սահման ճամբան պիտի բանան՝ հաստատելով, որ իրենց մօտ գործարարութեամբ զբաղելու համար բարենպաստ պայմաններ կան:
Չինարի համայնքի ղեկավար Սամուէլ Սողոյեանը՝ օգտուելով ընձեռուած կարելիութենէն, կառավարութեան առաջարկած է, որ ոչ միայն ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակոցներէն տուժած բնակիչներուն կարելիութիւն տան պետութեան հաշուոյն բուժուելու, այլ նաեւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրողներուն, յատկապէս՝ երեխաներուն։ Մովսէս համայնքի ղեկավար Արարատ Աւալեանն ալ նշած է, որ ինք եւս գոհ է նախագիծերէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.