ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է ամբողջ տարածաշրջանի համար: 25 Նոյեմբերին «Թուիթըր»ի վրայ տեղի ունեցող ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչը՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պէ՞տք է նոր զարգացումներու սպասել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին ընդառաջ:
«Մեծն Բրիտանիան կ՛աջակցի յարաբերութիւններու հաստատման, լրատուական նախագիծերուն եւ յաջորդ տարի աւելիին յոյս ունի», յայտնած է դիւանագէտը:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնի համաձայն՝ իր երկիրը բոլոր մակարդակներու վրայ կը զարգացնէ հաշտեցման գաղափարը, ինչպէս նաեւ կառավարութիւններու, պարզ մարդոց եւ գործարարներու հետ կապերու հաստատումը կը պաշտպանէ: Միացեալ Նահանգներ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ վաւերացնելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւնները:
Եւրոպական միութեան կեցուածքին անդրադառնալով՝ Թրայեան Հրիսթէա յայտնած է, որ միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ առանց նախապայմաններու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.