
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը 25 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու դիւանագէտներն ու ռազմական ներկայացուցիչները, որոնց ներկայացուցած է 12 Նոյեմբերին ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի օդուժի ուղղաթիռի ջախջախման եւ անձնակազմի ճակատագիրին վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպման ընթացքին Դաւիթ Տօնոյեանը խօսած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ վար առնուած ուղղաթիռի անձնակազմի դիակները անկման վայրէն տարհանելու ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին ստորաբաժանումներուն կողմէ կատարուած յատուկ գործողութիւններու մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի նշուած գործողութիւնները ապացուցող անհերքելի փաստերու մասին:
Ան ափսոսանք յայտնած է միջազգային հանրութեան միջնորդական գործունէութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ցուցաբերած կեցուածքին եւ անոր կողմէ յարուցուած խոչընդոտներուն գծով, որոնք թոյլ չտուին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն դուրս գալ ջախջախուած ուղղաթիռին շուրջ ձեւաւորած փակուղիէն: Դաւիթ Տօնոյեան աւելցուցած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուող ապատեղեկատուութիւնը եւ կատարուած յատուկ գործողութեան հերքումը կը հանդիսանան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերու ոտնահարման, ինչպէս նաեւ զոհուած հակառակորդին նկատմամբ բարոյապղծման վառ օրինակներ: «Այս հարցով Ադրբեջանի սանձազերծած ապատեղեկատուական արշաւը ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական ղեկավարութեան առաջադրած խնդիրների կատարման անկարողութեան կոծկում ադրբեջանական զինուժի կողմից», դիտել տուած է Տօնոյեան։
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Դաւիթ Տօնոյեան նոյն բովանդակութեամբ տեղեկատուութիւն փոխանցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավարին: