ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ընդդէմ գենդերային բռնութեան ակտիւութեան 16օրեակ»ի ծիրին մէջ 25 Նոյեմբերին մօտ 4 տասնեակ քաղաքացիներ Հանրապետութեան հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազգային ժողով՝ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի նախագիծի 131 օրինակներ յանձնելու պատգամաւորներէն իւրաքանչիւրին։
«Այսօր մենք ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած կանանց անուն ազգանուններն ենք գրել մեր պաստառներին, որոնք միայն 2014թ. 11ն էին, եւ մոմավառութիւն եւ խնկարկութիւն ենք անելու: Բացի օրինագծի օրինակներից, ներկայացնելու ենք նաեւ 2000ից աւելի ստորագրութիւններ այն մարդկանց կողմից, որոնք ստորագրել են օրէնքն ընդունելու համար», «Նիուզ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Հասարակութիւն առանց բռնութեան» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Սոնա Յովակիմեանը:
Երթին մասնակցած քանի մը տղոց կարծիքով՝ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարիլը միայն կանանց խնդիրը չէ, այլ բոլորին, քանի որ ընտանիքին մէջ բացի կնոջմէ կան նաեւ ամուսին եւ երեխաներ:
«Ես կարծում եմ, որ հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամ պէտք է միանայ այս պայքարին, որովհետեւ խօսքն ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման մասին է, իսկ ընտանիքում միայն կանայք չեն», ըսած է «Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» համախոհական խումբը համակարգող Արման Ղարիբեանը՝ աւելցնելով, որ տղոց մօտ կայ այն կարծրատիպը, որ եթէ պայքարը կանանց իրաւունքներուն համար է, ուրեմն միայն կիները պէտք է պայքարին։
Նշենք, որ «Ընդդէմ գենդերային բռնութեան ակտիւութեան 16օրեակ»ը տարեկան դրութեամբ կայացող միջազգային քարոզարշաւ է, որ կը սկսի 25 Նոյեմբերին եւ կը տեւէ մինչեւ 10 Դեկտեմբեր՝ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրը:
Այս ծիրին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին Կանանց իրաւունքներու կեդրոնի նախագահ Սուսաննա Վարդանեան ըսած է. «Հայաստանում կանանց նկատմամբ ընտանեկան բռնութիւնները չեն նուազում դաշտը կարգաւորող օրէնքի բացակայութեան պատճառով, իսկ օրէնքի ընդունումը ընտանեկան բռնութեան խնդիրն աւելի տեսանելի կը դարձնի: 2007-2009թթ. մի շարք միջազգային եւ տեղական փորձագէտների մշակած ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքի նախագիծն այդպէս էլ հաւանութիւն չստացաւ համապատասխան մարմինների կողմից»:
«Օրէնքի նախագիծը մերժուեց մի պատճառաբանութեամբ, որ այնտեղ մի կէտ կայ, ըստ որի՝ բռնարարը պէտք է 10 օրով հեռացուի տնից: Ոստիկանը ներխուժելուց նման հրաման է բերում հետը, բռնարարի խնդիրն է՝ ինքը ուր է գնում՝ ընկերոջ տուն, հիւրանոց, թէ ծնողների տուն: Ոստիկանութեան տղամարդ պաշտօնեաներն ասացին՝ ո՞նց կը լինի, էդ մարդուն զրկել իր սեփականութեան իրաւունքից», դիտել տուած է Սուսաննա Վարդանեան:
Ան նշած է, որ մանկատան մէջ մեծցած 20ամեայ Զարուհի Պետրոսեանի՝ ամուսինին եւ կեսրոջ կողմէ սպաննուելէ ետք Կանանց իրաւունքներու կեդրոնը 2010ին ձեւաւորած է 7 կազմակերպութիւններու համախոհական խումբ, որուն հիմնական խնդիրը նաեւ դարձաւ կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարը: Վերջին տարիներուն անոնք կը պայքարին, որպէսզի ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը ընդունուի, սակայն պայքարը տակաւին յաջողութեամբ չէ պսակուած:
Ըստ անոր՝ 2017ին Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը պէտք է մշակէ ընկերային աջակցութեան մասին օրինագիծ, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն իրենց կեդրոնին կողմէ մշակուած ընտանեկան բռնութեան մասին օրինագիծի որոշ դրոյթներ:
«Մենք բացարձակապէս կողմնակից չենք այդ քայլին եւ գտնում ենք, որ դա օրէնքի մասնատում է, եւ պնդում ենք, որ մէր օրինագիծը պէտք է ընդունուի, որովհետեւ օրէնքի ընդունումն ընտանեկան բռնութեան խնդիրն աւելի տեսանելի կը դարձնի: Չեմ ասում, որ օրէնքը ընդունուեց, միւս օրը ընտանեկան բռնութիւնը շատ-շատ կը նուազի կամ կը վերանայ, բայց ամէն պարագայում ինքը դեր կը խաղայ, որոշակի նուազեցման տոկոս կը լինի», նշած է Կանանց իրաւունքներու կեդրոնի նախագահը:
Կեդրոնի տուեալներուն համաձայն՝ Յունուար-Հոկտեմբեր 2014ին իրենց թէժ գիծը արձանագրած է 1437 հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն 1180ը ընտանեկան բռնութեան դէպքեր եղած են: Ընտանեկան բռնութեան վերաբերեալ հեռաձայններուն 511 առաջին անգամ ըլլալով կատարուած են, իսկ 676ը՝ կրկնուող: Առաջին անգամ ըլլալով հաստատուած կապերուն 395ը խօսած է հոգեբանական բռնութեան մասին, 109ը՝ ֆիզիքական բռնութեան, իսկ 7ը՝ սեռական: Մարզերէն եկած է 76 հեռաձայն, որուն 56ը՝ ընտանեկան բռնութեան վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.