ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 3 Հոկտեմբեր 2014ին Հայաստանի եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ ստորագրուած «Ենթակառուցուածքների կայունութեան աջակցութեան ծրագիր» վարկային համաձայնագիրով կը նախատեսուի Հայաստանին տրամադրել 49 միլիոն տոլարի պիւտճէական աջակցութեան վարկ: Համաձայնագիրին հաւանութիւն տալու հարցը ընդգրկուած է Հայաստանի կառավարութեան 27 Նոյեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Ծրագիրին հիմնական նպատակն է Հայաստանի երթեւեկի եւ ջրամատակարարման ոլորտներուն մէջ արդիւնքներու վրայ հիմնուած կառավարման համակարգերու ստեղծումը։
Ծրագիրով կը նախատեսուի բարելաւել ոլորտային կառավարման համակարգերը, մշակել ներդրումային որոշումներուն մէջ աւելի արդիւնաւէտ յատկացումներուն առնչուող ռազմավարութիւններ եւ գործընթացներ, բարելաւել կարգաւորման շրջանակները եւ զօրացնել մշտադիտարկման համակարգերը: Վարկը պիտի տրամադրուի արտօնեալ պայմաններով՝ 2 տոկոս տոկոսադրոյքով, 25 տարի մարման ժամկէտով, որուն 5ը՝ արտօնեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.