ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու արդիւնաւէտութեան բարելաւման նպատակով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանին կատարուած յատկացումները պիտի հասնին 30 միլիոն 891 հազար տոլարի:
Այդ նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն պիտի տայ «Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններին միջեւ առողջապահական եւ սոցիալական ծառայութիւնների արդիւնաւէտութեան բարելաւման շուրջ» օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ 6 փոփոխութեան կնքման առաջարկին:
Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ստացուած է Համաձայնագիրի Փոփոխութիւն թիւ 6ի նախագիծը, որ կը նախատեսէ յաւելեալ 1.9 միլիոն տոլարի չափով ֆինանսական յատկացումներու իրականացում, որուն իրականացման պարագային յատկացումներու ընդհանուր գումարը պիտի կազմէ 30 միլիոն 891 հազար տոլար:
Մինչ այդ ամերիկեան կողմէ տրամադրուած յատկացումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէ 28 միլիոն 991 հազար 577 տոլար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.