ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ կիներու ներգրաւուածութեան մասին «Առաւօտ» օրաթերթը հրատարակած է յօդուած մը, ուր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը յայտնէ, թէ Ա. Խանփերեանցի անուան ռազմական օդանաւորդութեան հիմնարկին մէջ այսօր կ՛ուսանի 3 կին, իսկ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայեն 2000է աւելի հայուհիներ: Նշենք, որ Արցախեան պատերազմին մասնակցած են շուրջ 600 հայ կիներ, որոնցմէ 18ը զոհուած են մարտի ընթացքին, 87ը՝ դարձած են հաշմանդամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.