
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի եւ Փասատինայի մասնաճիւղերուն, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի պիտի ունենայ Գէորգ Քէօշկէրեանի «Հայկական Ասացուածքներ՝ Թրքերէնէ Թարգմանուած» հատորի ներկայացումը, ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA, 91001)։
Ելոյթ պիտի ունենայ ուսուցիչ Նորայր Տատուրեան, մասնակցութեամբ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն աշակերտներու։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։