
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը հալէպահայ ազգայիններու, որոնք Լոս Անճելըս հաստատուած են վերջին շրջանին, Հալէպի ու ընդհանրապէս Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին հետեւանքով: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ գանձապահ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Հալէպահայ ազգայինները եկած էին առաջնորդ սրբազանը տեղեակ պահելու, թէ Հալէպի քաղցր օրերու յուշերով, խաղաղութեան վերահաստատման ու գաղութի վերականգնումի յոյսերով, Լոս Անճելըս շրջանի հայ կեդրոններէն ներս կը կազմակերպեն ընկերային հաւաքներ, որոնց ճամբով օժանդակութիւն կ՛ապահովեն Հալէպի մէջ տոկացող հայութեան: Անոնք հրաւէր ուղղեցին առաջնորդ սրբազանին, որ ներկայ գտնուի յառաջիկայ հաւաքներուն եւ օրհնէ իրենց գործունէութիւնը:
Առաջնորդը գնահատեց ազգայիններուն նախանձախնդիր ու կարեկից մօտեցումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու հրաւէրին եւ մաղթեց, որ անոնց նուիրաբերումը ծառայէ ճշդուած նպատակին, իսկ Սուրիան ու Հալէպը վերագտնեն իրենց բնականոն վիճակը:
Հանդիպման աւարտին, սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն։