ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենակին, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, Ազգային Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկա՛, շնորհակալ ենք» թեմայով հաւաք մը՝ նուիրուած Մերձաւոր Արեւելքի բարեսիրական հիմնարկին:
«Ամերիկա՛, շնորհակալ ենք» յանձնախումբի համանախագահ Վանա Կիտցինեան, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի երկրորդական կարգի աշակերտներուն ներկայացուց Ամերիկայի առաջին հասարակական կազմակերպութեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի հիմնարկի պատմականը՝ շեշտելով այն իրականութիւնը, որ հիմնարկը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երեսփոխաններուն կողմէ արտօնուած եւ վաւերացուած ոչ-կառավարական առաջին բարեսիրական հիմնարկութիւնն էր, որ հիմնադրուեցաւ ուղղակի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով: Ան, աւելցուց, թէ Ամերիկայի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով էր որ կ՛արձանագրուէր Ամերիկայի ժողովուրդին հաւաքական եւ մարդասիրական ոգին: Որպէս զանգուածային քարոզարշաւ, 1920ական թուականներուն, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց հիմնարկը կը նախաձեռնէ «Ոսկեայ կանոն կիրակնօրեայ» քարոզարշաւին, որով ժողովուրդէն կը խնդրուէր իրենց տուներուն մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք որբ մնացած երեխաներուն եւ գաղթականներուն: Սոյն բարեսիրական արշաւը դառնալով միջազգային՝ տարբեր երկիրներ եւս մասնակից հանդիսացան սոյն օգնութեան ջանքերուն:
Մօտաւորապէս մէկ ժամի վրայ երկարող ազդեցիկ եւ իր տեսակին մէջ եզակի այս հաւաքին յաջորդեց համեստ ճաշի մը սպասարկումը, որ պիտի խորհրդանշէր դար մը առաջ հայ որբուկներուն սպասարկուող ճաշը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ մը եղաւ աշակերտներուն համար նախ ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Ամերիկայի մեծահոգի դերակատարութեան, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Ամերիկային, իր ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար:
Աւարտին, բոլոր աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ իրենց շնորհակալական խօսքը գրելու եւ ապա յիշեցնելու Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամային, թէ այս բարեսիրական հիմնարկը գոյացած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով, ինչ որ արդէն մեծ փաստ մըն է, որ Ամերիկան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Աշակերտներուն գրած բոլոր նամակներն ալ պիտի ուղղարկուին ԱՄՆի Սպիտակ տուն, նախագահի վարչակազմին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենակին միջոցաւ: