ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ-ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Ա-րեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան, «Ուրֆայի Եւ Խարբերդի Տոհմիկ Օր» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, Ֆութհիլի Հայ կեդրոնին մէջ։
Արդարեւ, ՀՕՄը որպէս կանացի մարդասիրական հզօր կազմակերպութիւն, իր հիմնադրութեան նպատակէն անշեղ ընթացքով կը շարունակէ ազգակերտումի եւ հայապահպանման հսկայ գործունէութիւն ծաւալել՝ միաժամանակ մնալով հաւատարիմ ու նախանձախնդիր հայկական աւանդութիւններու առողջ պահպանման։
Առ այդ, Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, գիտակից իր առաքելութեան՝ կազմակերպեց սոյն ձեռնարկը, ներկաներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու մեր պապենական արմատները: Ուշագրաւ էին սրահի վերի անկիւնը տեղ գտած Ուրֆայի եւ Խարբերդի նկարները՝ իրենց աշխարհագրական դիրքով, նաեւ նկարները հերոսամարտիկներու, որոնք արեան գնով իրենց անձը զոհաբերած են յանուն հայրենասիրութեան վեհ գաղափարին: Սրահի մուտքի երկու կողմերը տեղադրուած էին Ուրֆայի եւ Խարբերդի սպասներ, տնային իրեր, ձեռային աշխատանքներ եւ հայ կնոջ նուրբ ճաշակը յայտնաբերող ձեռագործներ, որոնց կողքին կային նաեւ որոշ առիթներու յատուկ տարազներ:
«Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը գնահատելի գաղափարը յղացած էր ներկաները հիւրասիրելու Ուրֆայի եւ Խարբերդի համեղ ճաշատեսակներով՝ պատրաստուած մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբի նուիրեալ ընկերուհիներու ձեռամբ:
Օրուան հանդիսավար Փայլա Գէորգեան ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ վեր առնելով ՀՕՄի եւ իր միաւոր «Սօսէ» մասնաճիւղի առաքելութիւնը եւ ազգանուէր աշխատանքը, զանազան բնագաւառներէ ներս: Ան կարեւոր համարեց հայ կնոջ դերը սերունդներու հայեցի առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ, բայց մանաւանդ շեշտեց հայու աննկուն կամքն ու վճռակամութիւնը՝ իր գոյապայքարի ճամբուն. ապա հրաւիրեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, իր օրհնութեան խօսքը տալու:
Քահանայ հայրը առաջին հերթին բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպողները, ՀՕՄուհիները, որոնք անսակարկ նուիրումուվ եւ իրենց պարտականութեան քաջ գիտակցութեամբ կը ջանան արդարացնել իրենց վստահուած աշխատանքը։ Ապա խօսքը եզրափակեց Տէրունական աղօթքով:
Հրաւիրուեցաւ նաեւ «Մաշտոց» քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ներկայացնելու օրուան խորհուրդը: Ան հանգամանօրէն մեկնաբանեց Ուրֆան, որպէս Մերձաւոր Արեւելքի հնագոյն եւ կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը, զոր կը կոչուի նաեւ Եդեսիա՝ մակեդոնացիներու լեզուով: Ան յիշեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոց Եդեսիոյ մէջ կատարած է գիրերու գիւտը, 406 թուականին: Ուրֆայի հայերը զբաղած են արհեստներով, առեւտուրով եւ երկրագործութեամբ:
Դոկտ.Կարպիս Տէր Եղիայեան սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ ականատեսի վկայութեամբ յիշեց, թէ 5500 տարիներու պատմութիւն ունեցող Ուրֆայի մէջ կառուցուած է Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ քովը ունեցած է վարժարան մը. հոն կը գտնուի նաեւ Ս. Սարգիս վանքը, որ ունեցած է իր որբանոցը։ Վանքը ներկայիս վերածուած է մզկիթի, գմբէթի խաչը վար առնուած է, սակայն կարգ մը քրիստոնէական նշաններ, ինչպէս զանգակատունը, պահուած են:
Ուրֆայի կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները եւս ունեցած են եկեղեցիներ եւ վարժարաններ:
Ս. Սարգիս վանքը եւ Աբգար թագաւորի դամբարանը յայտնի ուխտավայրեր եղած են: Նշանաւոր եղած է նաեւ Հայր Աբրահամի լիճը եւ քարայրը, ուր ծնած է Հայր Աբրահամ։
Ուրֆան ունեցած է շատ գիւղաքաղաքներ, որոնցմէ նշանաւոր է Կարմուճը: Մեծ Եղեռնի ժամանակ հայերը դիմած են ինքնապաշտպանութեան, որ իբրեւ վաւերագրական փաստ՝ ամփոփուած է «Ուրֆայի Հերոսամարտը» հատորին մէջ: Քեմալական շարժումներու ժամանակ, Ուրֆայի հայերը տեղափոխուած են Սուրիա, Ֆրանսա եւ մաս մըն ալ Արեւելեան Հայաստան։
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան նաեւ մեկնաբանեց Խարբերդը՝ իր աշխարհագրական դիրքով եւ կառոյցներով, սահիկներու ցուցադրութեամբ: Քրիստոսէ 1000 տարի առաջ հաստատուած Խարբերդը գրաւուած է շատ ցեղերու կողմէ, իսկ ամէնէն ետք՝ օսմանցի թուրքերու կողմէ, որոնք աւերակ դարձուցած են զայն:
Խարբերդը Արեւմտեան Հայաստանի հայախօս վեց նահանգներէն մէկն է: Ան կը գտնուի Արածանիի ձախ ափին: Խարբերդ անունը ստուգաբանուած է որպէս քար եւ բերդ, այլ խօսքով՝ ուրարտական բերդ, որուն նկարը մինչեւ օրս, Խարբերդի հայրենակցական միութիւնը իր նամակագրութեան թերթերուն վրայ որպէս խորհրդանիշ կը գործածէ:
Խարբերդը ունի գլխաւոր քաղաքներ եւ գիւղեր, ինչպիսին է Բալուն, որ նշանաւոր եղած է իր անառիկ բերդով եւ կառոյցներով. կ՛ըսուի, թէ լեռը, որուն վրայ կառուցուած է բերդը, կոչուած է Մեսրոպի լեռ, որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց այդ բերդին մէջ մնացած է եօթը շաբաթ:
1850ական թուականներուն, ամերիկեան եւ այլ միսիոնարներու մուտքով, Խարբերդի մէջ հաստատուած են որբանոցներ, հիւանդանոցներ, կրթական օճախներ եւ քոլեճներ, ինչպէս՝ «Եփրատ» քոլեճը: Խարբերդը մեծ ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ, տալով գրագէտներ եւ մտաւորականներ։
«Եփրատ» քոլեճէն 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ ներկայիս վերածուած է կանգառի:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, ըլլալով խարբերդցի՝ մեծ յուզումով ցոյց տուաւ իր պապենական տունը, ուր 42 հոգի բնակած է, եւ որպէս վաւերագրական փաստ իրենց սեփականատիրութեան՝ ուխտագնացութեան մը ընթացքին բերած է այդ տան բանալին, զոր ցոյց տուաւ ներկաներուն յուզախառն ուրախութեամբ:
Աւարտին, դոկտ. Տէր Եղիայեան խրախուսեց ներկաները եւ յանձնարարեց, որ պարտին պահանջատէր մնալ՝ կառչելով մեր արմատներուն, ի խնդիր մեր Դատի արդար հատուցման:
«Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Պարիկեան-Սէթեան, հայ կնոջ արժանավայել հպարտութեամբ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, իր համապարփակ եւ մանրամասն մեկնաբանութեան համար, ապա մասնաճիւղին անունով խորհրդանշական նուէր մը փոխանցեց իրեն:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Ուրֆայի եւ Խարբերդի հայկական տարազներու ցուցադրութիւն, որուն ընկերացաւ անոնց պատրաստութեան եւ գործածութեան մասին Փայլա Գէորգեանի մանրամասն եւ հետաքրքրական բացատրութիւնը:
Երկու երեխաներ տարազներով ներկայացուցին Ուրֆայի գաւառական պարը: Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքէրեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը»։ Ապա Կարինէ Պարիկեան-Սէթեան ներկայացուց եւ վարչութեան անունով գնահատեց ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիները, որոնք նուիրեալ աշխատանքով իրենց լաւագոյն ներդրումը բերին ձեռնարկին։
Աւարտին, գաղութիս ծանօթ երգիչ Արա Սահակեան խանդավառեց ներկաները հայկական ժողովրդական երգերով, ապա յաջորդեցին ազգային յիղափոխական ոգեշնչող երգեր, որոնք գերեցին ներկաները հայրենասիրական վեհ զգացումներով։
Վարձքը կատար «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր ընկերուհիներուն, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան: