
ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».– Ընկերային ապահովութեան պետական ծառայութեան նախկին պետ Վազգէն Խաչիկեանը մեղաւոր նկատուած է խարդախութեան եւ շարք մը պաշտօնատար եւ պատասխանատու անձերու հետ կազմակերպուած խումբով մեծ քանակութեամբ գումարներու իւրացման մէջ եւ 8 Դեկտեմբերին դատապարտուած է 12 տարուան բանտարկութեան։
Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը զայն մեղաւոր նկատած է Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 179րդ եւ 178րդ յօդուածներով:
Դատախազը Խաչիկեանի համար պահանջած էր 13 տարուան ազատազրկում: Խաչիկեանի հետ դատարանին դիմաց կանգնած են շարք մը այլ պաշտօնեաներ եւս։ Ան պաշտօնէ արձակուած է 2010 թուականին, սակայն երկու տարի ետք կալանաւորուած է՝ համակարգին մէջ չարաշահումներու համար քրէական գործի կատարելու ծիրին մէջ:
Պետութեան իւրացման եւ խարդախութեան պատճառով հասցուած վնասին չափը գնահատուած է աւելի քան 267 միլիոն դրամ (մօտ 585,000 տոլար), զոր ամբաստանեալները մասամբ վերադարձուցած են:
Շուրջ 10 ամիս տեւած դատավարութեան աւարտին տարբեր չափի պատիժներու արժանացան նաեւ ընկերային ծառայութեան 13 նախկին պաշտօնեաներ ու աշխատակիցներ, որոնք մեղադրուած էին 2006-2010 թուականներուն կազմակերպուած խումբով մահացած կամ Հայաստանէն բացակայող կենսաթոշակառուներու թոշակները իւրացնելու մէջ:
Հինգ ամբաստանեալներ՝ Վիգէն Գեւորգեան, Աշոտ Աբրահամեան, Վահագն Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Գրիգորեան դատապարտուեցան 5,5ական տարուան ազատազրկման:
Սամուէլ Էլբակեան, Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Արթուր Սուքիասեան, Սարգիս Սարգսեան, Համլէթ Մարտիրոսեան, Հրանոյշ Դանիէլեան, Բագրատ Մուրադեան եւ Արմէն Խաչատրեան թէեւ դատապարտուեցան 1,8-էն մինչեւ 4,5 տարուայ ազատազրկման, այնուամենայնիւ դատարանը անոնց նկատմամբ պատիժը պայմանականօրէն չկիրառելու որոշում կայացուց: