– «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ հակառակ քարիւղի գինին կրած անկումին, Իրանի իշխանութիւնները որոշած են իրենց զինուորական ծախսերը բարձրացնել 33 տոկոսով՝ զայն 10.5 միլիառ տոլարի հասցնելով։ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած տարեկան ընդհանուր ամավարկը 312 միլիառ տոլար է:
– Սեպտեմբերի տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներու սպիտակամորթներուն միայն 10 տոկոսը համոզուած է, որ ոստիկանները ոճիրներէ լաւապէս չեն պաշտպաներ քաղաքացիները, իսկ այդ համեմատութիւնը 35 տոկոս է սեւամորթներուն մօտ։
– Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ոստիկաններուն երեք քառորդը սպիտակամորթ է, մինչ ընդհանուր բնակչութեան մէջ ոչ-սպանախօս սպիտակամորթներու համեմատութիւնը մօտաւորապէս 60 տոկոս էր 2010ի մարդահամարին համաձայն։
– «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած են համաձայնագիր մը՝ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրողներուն 60 միլիոն տոլարի հատուցում վճարելու շուրջ:
– Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն, Ափրիկէէն ու Միջին Արեւելքէն 1890 գաղթականներ խեղդամահ եղած են Միջերկրականի ջուրերուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.