ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան անդամ այն երկիրները, որոնց տարածքով պէտք էր անցնէր «Հարաւային հոսք» կազատարը, Եւրոյանձնաժողովի նիստին քննարկած են ռուսական կազատարին այլընտրանք գտնելու կարելիութիւնները: Եւրոմիութեան ուժանիւթի նախարարներու ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, նաեւ Ռուսիայէն բացատրութիւն պահանջուեցաւ «Հարաւային հոսք» կազատարի ծրագիրի անակնկալ կասեցման մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.