ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մէջ տեղի ունեցած է 6 միլիոն տոլարի վաճառք՝ 470.22 դրամ 1 տոլարի դիմաց միջին կշռուած փոխարժէքով: Դրամատան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ սահմանային փոխարժէքը կազմած է 469.76 դրամ՝ 1 տոլարի դիմաց, իսկ միջին փոխարժէքը կազմած է 470.22 դրամ: Կեդրոնական Դրամատունը դրամի կայունացման նպատակով մինչեւ Նոր Տարի որոշած է տոլար ներարկել շուկային մէջ: Ցարդ այս միջոցառումը այնքան ալ արդիւնաւէտ չի թուիր ըլլար. դրամի արժեզրկումը կը շարունակուի նոյն թափով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.