Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին վերջին օրերու կիզակէտը օրուան իշխանութեանց կողմէ դրսեւորուած անհանդուրժողականութիւնն է Հանրապետութեան թիւ 1 ներկայացուցիչը չընդունելու, քննադատելու եւ մինչեւ իսկ բնովելու ազգային-քաղաքական յարգուած գործիչներու կարծր դիրքորոշումին նկատմամբ։
Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի նախագահը չի կրնար հանդուրժել, որ իր անցեալի թէ ներկայի գործունէութեան նկատմամբ կարծր քննադատութիւններ հնչեն Արցախեան Ազատամարտի ընթացքին հերոսացած գործիչներուն կողմէ։
Կասկածէ վեր է, անշո՛ւշտ, որ իր զաւակներուն վաղուան յաջողութեանց եւ բարօրութեան հոգը ապրող հայ ծնողին համար հարցերուն կարեւորագոյնը այն է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու անոր շուրջ բոլորուած պատեհապաշտներու իշխանաւոր վարչախումբը որքանո՞վ լուրջի կ՛առնէ մեր Պետական Տունը կարգի բերելու իր առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը։
Հայաստանի պետական կառավարման ներկայ համակարգը այնպիսի՛ն է, որ իշխանութեան ղեկին տիրացած ուժերը չեն յարգեր սեփական ժողովուրդին կամքը։
Աւելի՛ն. կեանքը ցոյց կու տայ, որ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ իշխանութեան միջոցներով իշխանութեան ղեկին ինքզինք վերահաստատած իշխանութիւնը սպառած է ժողովրդային վստահութեան եւ օրինականութեան դրամագլուխը ու այլեւս պէտք է հեռանայ… իշխանութենէն։
Իսկ երկրագունդի տարածքին կա՞յ երկիր մը, ուր իր բռնիշխանութիւնը պարտադրած որեւէ վարչախումբ տրամադիր է ժողովուրդին վերադարձնելու ազգընտիր իշխանութեան մականը։
Ո՛չ. չկա՛յ։
Որքան ալ ինքնագոհութեամբ յոխորտանք, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովը իր մեծամասնութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն որդեգրեց եւ դատապարտեց Ազգի ու Հայրենիքի արժանաւոր գործիչներուն նկատմամբ կիրարկուած իշխանաւորներու տմարդի վարմունքը, փաստը կը մնայ փաստ, որ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ իր ազատ արտայայտութեան համար մարդ պէտք է հաշիւ տայ իր կեանքի գնով…
Պատահական չէ, որ ՀՀ Ազգային ժողովի մարդու իրաւանց պաշտպանութեան մնայուն յանձնաժողովը վերջերս քննարկումներ կը կատարէ այն հարցին շուրջ, թէ վերանկախացեալ մեր հայրենիքին մէջ կա՞ն քաղաքական բանտարկեալներ։
Որքան ալ մեր երկրին եկող-գացող իշխանաւորները երդում-պատառ ըլլան, թէ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան, այդուհանդերձ՝ հակառակին տպաւորութիւնը կամ համոզումը արդէն արմատաւորուած է ոչ միայն ներքին ընդդիմադրութեան մօտ, այլեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հոգը ապրող իրաւապաշտպան շրջանակներէն ներս։
Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, անշուշտ դիւրին է ներքին սպառման կարգով իմաստուն եւ ողջմիտ յորդորներ կարդալ աջ ու ձախին, թէ վերանկախացեալ մեր Հայրենիքի միջազգային վարկը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ՝ պէտք չէ մեր աղտոտ լաթերը փռենք յաչս միջազգային հանրութեան…
Այսինքն, երբ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը դատապարտենք մարդկային իրաւանց եւ քաղաքացիական ազատութեանց ոտնակոխման իրենց վարքագիծին համար, ուշադիր պէտք է ըլլանք, որպէսզի Հայաստանը ցոյց տանք իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան օրինակելի երկրի։
Հարց չկայ։
Նոյնիսկ եթէ վերանկախացեալ Հայաստանը պատանդ դարձած է չտես իշխանաւորներու արագօրէն հարստանալու ընչաքաղցութեան, մեր ժողովուրդը հարց չունի եւ ներողամտութեամբ կը նայի Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ալ, Ռոբերտ Քոչարեանին ալ, Սերժ Սարգսեանին ալ, որոնք օրաւուր հացի կարօտ եկան իշխանութեան ղեկին, բայց մինչեւ իրենց թոռները արդէն ապահովագրած են կեանքի դժուարին վերիվայրումներուն դէմ յանդիման։
Բայց մեր ժողովուրդը հարց ունի եւ շատ լուրջ՝ կենաց-մահու խնդիր ունի, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք երաշխաւորել մեր երկրի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, տակաւին առանց խօսելու միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականը իրականացնելու մեր հնարաւորութեան մասին։
Սեփական Տունը կարգի բերելու հրամայականն ու նախապայմանը հայ քաղաքական միտքին դիմագրաւած առաջնահերթ մարտահրաւէրն են։
Երբ չունինք մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող իշխանութիւն, չենք կրնար մեր վրայ բռնացող Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ նկատմամբ շարժման մէջ դնել միջազգային հանրութեան դժգոհութիւնն ու ճնշումը։
Սեփական Տունը կարգի դնելէ ետք է որ ի վիճակի պիտի ըլլանք Եւրոպային թէ Մ. Նահանգներուն, այլ նաեւ արաբական թէ իսլամական աշխարհին հասկնալի դարձնելու, որ Թուրքիոյ եւ անոր լծակից Ատրպէյճանի հետ Մերձաւոր Արեւելքը երկար ճամբայ չի կրնար կտրել՝ արդար, կայուն եւ բարգաւաճ շրջան մը կերտելու ճամբուն վրայ։
Մերձաւոր Արեւելքը Իրաւունքի եւ Արդարութեան յուսադրիչ տեսլականի ծարաւ է։
Հայաստանն ու հայութիւնը դատապարտուած են աշխարհի այս գօտիին մէջ նուաճելու ազատ ու արդար, արդիական եւ բարգաւաճ կեանքի հաստատման ուժականութիւնը։
Ապագան կը պատկանի անցեալէն ոչ թէ խուսափող, այլ անցեալի դասերէն օգտուող եւ այս երկրագունդը բոլորին աւետեաց երկիրը դարձնող ինքնավստահ ազգերու։
Հայաստանը եւ հայութիւնը ի վիճակի են այդ ուժականութեամբ նուաճելու վաղուան մեր պայծառ օրը, եթէ սեփական տունը կարգի բերելու նախանձախնդրութեան տանք նախապայմանի նշանականութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.