
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA) կը տեղեկացնէ, թէ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան թատերական գործերու 2014ի մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6ի երեկոյեան, «Փասատինա Փլէյհաուս» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 70 հրաւիրեալներու:
Ձեռնարկի հանդիսավարը եղած է Ճիլ Սիմոնեան, իսկ բացումը կատարած է միութեան պատուոյ ատենապետ Տայեան Փիլիպոսեան։ Ապա, միութեան գործունէութան մասին զեկոյց մը ներկայացուցած է միութեան նախագահ Պիանքա Պաղաթուրեան, իսկ ողջոյի խօսք արտասանած է Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարթ։ Ելոյթ ունեցած է նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ յանձնած է հայկական նիւթով թատերական գործի մը յատուկ մրցանակը։
Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան «Մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեան» 2014ի մրցանակը յանձնուած է Լաուրա Մարիա Սենսապելլային, անոր «Carla Cooks The War» թատերգութեան համար։
Մրցանակը յանձնած է Լոս Անճելըսի «Սենթրըլ Թիեթըր Կրուփ»էն Փիեռ Քարլօ Թելենթին, որ նաեւ յայտարարած է, թէ իրենց թատերախումբը յառաջիկայ տարուան Ապրիլ ամսուան ընթացքին, «Քըրք Տակլըս» սրահին մէջ կը ծրագրէ ներկայացնել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թատերական գործերու ընթերցումներ, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
Նշենք, որ այս տարուան մրցանակին երեք հոգինոց դատակազմի անդամներն էին Սեպասթիան Պոռն (Լոնտոնի Ազգային թատրոնի օգնական վարիչ), Էրիք Էհն (թատերագիր, բեմադրիչ եւ «Պրաուն» համալսարանի թատերագրութեան բաժանմունքի վարիչ) եւ Տէյվիտ Լան (Լոնտոնի «Եանկ Վիք» թատրոնի գեղարուեստի վարիչ):
Աւարտական հանգրուան հասած միւս երկու ստեղծագործութիւններն էին Սեւան Գալուստեան-Կրինի «I Am Not Mine»ը եւ Մերի Քեթրին-Նայճըլի «Մենհեթըն»ը:
Հայկական նիւթով թատերական գործի յատուկ մրցանակին եւ անոր ընկերակցող հազար տոլարի վարձատրութեան արժանացած է Կորիւն Ափրիկեանի եւ Էրիք տէ Ռոքֆոյի «Պոսֆըրըս» գործը, որ նուիրուած է Հրանդ Տինքի ոդիսականին։ Աւարտական հանգրուանին հասած միւս երկու գործերն էին Ռիչըրտ Քալինոսքիի «My Genius of Humanity»ն եւ Սեւան Գալուստեան-Կրինի «In the Name of Silence»ը։
Նաեւ, «Հայ Աստղ» մրցանակը յանձնուած է բեմագիր Մարտիկ Մարթինին, որ ներկայիս կը դասաւանդէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ եւ գրած է Ցեղասպանութեան առնչուող «Տը Քաթ» ֆիլմի բեմագրութիւնը։ Մրցանակը յանձնած է «Օսքար»ի արժանացած ձեւաւորող եւ Արուեստներու ու գիտութենաց պատկերասփիւռի հիմնարկի նախկին նախագահ Լեւոն Լիօ Չալուքեանը։
Այս տարուան մրցանքը կը կեդրոնանար մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան առնչուող նիւթերու վրայ: Այս պատճառով, ելոյթներ ունեցած են նաեւ «Միջազգային ներում» կազմակերպութենէն Թրէյսի Քարտաշ եւ «Ուուտրօ Ուիլսըն» հիմնարկէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ, որոնց յանձնուած են Հայ թատերական արուեստներու միութեան գնահատագիրներ՝ միութեան խորհրդականներէն Քրիսթըն Լազարեանի կողմէ։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցած է դերասան Ալեքս Նեսթատերի լուսանկարչական գործերու ցուցադրութիւնը։ Նշենք, որ ան գլխաւոր դերակատարն է Մեկ Ռայընի նոր «Իթաքա» ֆիլմին, որ հիմնուած է Ուիլեըմ Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» հատորին վրայ, որուն անունը կրող ֆիլմի պատմութեան համար Սարոյեան «Օսքար» մրցանակին արժանացած էր 1943ին։
Այս առիթով, Հայ թատերական արուեստներու միութեան վարչութեան անդամ Լիսա Քիրազեան եւ անցեալին սոյն մրցանքի աւարտական հանգրուան հասած Պիլ Հովերսթըն յատուկ գնահատագիրներ յանձնեցին ֆիլմը արտադրող Մեկ Ռայընին, Էրիք Ճենտըրսընին, Ճենեթ Պրենըրին ու Լաուրա Այվիին։
2007ին, Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկին կողմէ հաստատուած եւ անոր հովանաւորած սոյն մրցանակի տնօրինումը յանձնուած է Հայկական թատերական արուեստներու միութեան: Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկի նախագահն է Հայկ Մարտիկեան, իսկ փոխնախագահը՝ Սքաթ Սեդրակեան։
«Ուիլեըմ Սարոյեան» հիմնարկը այս ձեռնարկին առիթով Սարոյեանի գծագրութիւններէն երկուքը նուիրած էր Հայ թատերական արուեստներու միութեան, իսկ ձեռնարկին օրը, անոնցմէ մէկը աճուրդով ծախուած է։ Լոս Անճելըս գաւառի արուեստներու յանձնաժողովը եւս կը նպաստէ այս նախաձեռնութեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը, կամ դիմել adaa@armeniandrama.org հասցէին: