
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ծովածոցի համագաղութային միացեալ յանձնախումբին, մինչեւ Ապրիլ 15, 2015 տեղի ունենալիք ձեռնարկներու շարքին առաջինը՝ ընթրիք-հանգանակային երեկոն, տեղի ունեցաւ Շաբաթ Դեկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ գաղութի հոգեւոր հայրեր Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի, Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանի, Մեսրոպ քհնյ. Աշի, Յովէլ քհնյ. Օհանեանի, վեր. Ներսէս Պալապանեանի, նաեւ՝ գաղութին մէջ գործող կազմակերպութիւններու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ու շուրջ 300 ներկաներու, որոնք եկած էին նիւթապէս ու բարոյապէս քաջալեր հանդիսանալու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած պահանջատիրական այս մեծ ձեռնարկին։
Հոգեւոր հայրերուն կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ու ընթրիքէն ետք, ողջոյնի խօսքերով երեկոյթի պաշտօնական բացումը կատարեց օրուան հանդիսավարուհի, շրջանիս «KTVU-Channel 2»ի երկարամեայ հաղորդավարուհի-խօսնակ Կասիա Միքայէլեանը:
««Յիշէ ու Պահանջէ». ա՛յս է մեր կարգախօսը եւ ուրեմն՝ հարիւրամեակի մեր հաւատքի եւ ուժական խօսքի հանգանա՛կը, սիրելի յիշողներ ու պահանջողներ», այս խօսքերով սկսաւ իր պատգամը տնտեսական յանձնախումբի ատենապետ Ադամ Գաբլանեան՝ իր խօսքը ուղղելով ներկայ հանդիսականներուն։ Ան շարունակեց՝ ըսելով. «Ուստի, այս գիշեր, որքան քաջալերական է բոլորս միատեղ հաւաքուած տեսնել՝ ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութեան, այս պարագային՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն համար դրամահաւաքին»:
Ա. Գաբլանեան աւելցուց. «Ծովածոցի հայ գաղութի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման մարմինը՝ իր Կեդրոնական վարչութեամբ, հանրային յարաբերութեանց ու հանգանակութեան յանձնախումբերով, համագործակցութեամբ գաղութի յարանուանութեանց ու ղեկավար մարմիններուն, 2015 տարեշրջանին վրայ երկարող զանազան ձեռնարկներ կազմակերպած է՝ ի խնդիր մեր ազգային Դատի ճանաչման, մեր շրջապատի գիտակցութեան կոչ ընելու նպատակով»:
«Հարիւրամեակի կարգախօսը՝ «Յիշէ ու Պահանջէ»ն, արթնութեան կոչ մը պիտի հանդիսանայ աշխարհասփիւռ հայութեան, որ զայն դրսեւորէ մեզի նման գաղութներ մղելու գիտակից մասնակցութեան», նշեց Ադամ Գաբլանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան համար, միաժամանակ յարգելով մեր 1.5 միլիոն նահատակներու յաւերժական յիշատակը:
Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւրամեակի յանձնախումբի ատենապետ փրոֆ. Ստեփան Աստուրեան անդրադարձաւ Եղեռնէն ի վեր անցած 100 տարիներուն՝ բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի չորս անկիւնները տարագրուած վերապրողները եւ իրենց ժառանգորդները դիմագրաւեցին ամէն տեսակի դժուարութիւններ, սակայն երբե՛ք չմոռցան իրենց նախնիներու յիշատակը եւ այժմ եւս կը շարունակեն պաշտպանել արդար Դատը: Ան մէջբերումներ կատարեց օտար ներկայացուցիչներու վկայութիւններէն, որպէսզի ժխտէ Թուրքիոյ կառավարութեան այն պնդումները, թէ Եղեռն տեղի չէ ունեցած եւ թէ հայերը պարզապէս դէպի ապահով շրջաններ տեղափոխուած են՝ ապահով պայմաններու տակ:
Փրոֆ. Աստուրեան եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով, որ հայութիւնը 100 տարի ետք ոգեկոչելով Եղեռնի ամեակը, լաւագոյն պատասխանը կու տայ զայն կազմակերպողներուն՝ փաստելով, որ հայ ժողովուրդը տակաւին կ՛ապրի եւ երբե՛ք պիտի չմոռնայ իր նահատակներու յիշատակը:
Յաւելեալ հասոյթ ապահովելու նպատակաւ, յանձնախումբը կազմակերպեց երեք տարբեր աճուրդներ։ Անոնցմէ մէկը լուռ աճուրդ մըն էր, որուն նուէրները կը բաղկանային արժէքաւոր իւղաներկ նկարներէ, գորգերէ, եւլն.: Տեղի ունեցաւ նաեւ բաց աճուրդ մը, որուն պարգեւներուն համար ներկաները մրցակցեցան եւ բարձրագոյն գումար նուիրողները շահեցան: Կայացաւ այլ աճուրդ մը եւս՝ նպաստելու համար երեք բարեսիրական կազմակերպութիւններու՝ «Փարոս» հաստատութեան (Հայաստան), Էջմիածինի որբանոցին (Հայաստան) եւ «Թռչնոց Բոյն»ին (Լիբանան):
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի երգչուհի Սուզանա Չուբարեան՝ երեք երգերով՝ Կոմիտասի «Չինար Ես»ը, Ա. Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերայէն հատուած մը եւ «Երեւան-Էրեբունի»ն, դաշնակի ընկերակցութեամբ գաղութիս սիրուած դաշնակահարուհի Նայիրի Սարգիսի: