ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին, Կլենտէյլի «Իմփրեշընզ» սրահին մէջ կայացաւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան Ծննդեան տարեկան տօնակատարութիւնը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ կրթանպաստներու յանձնումի արարողութիւնը: Այս տարի, միութիւնը հազարական տոլարի կրթանպաստներ յանձնեց 12 ուսանողներու։
Աւելի քան 150 հոգիի մասնակցութեամբ կայացած ձեռնարկին ընթացքին, երակներու խցումի դարմանման նորարական մօտեցումներուն մասին հակիրճ դասախօսութիւն մը ներկայացուց ընկերակցութեան վարչութեան անդամ տոքթ. Հերի Պալեանը:
Ապա տեղի ունեցաւ 2014-2015 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստներու յանձնումը։ Կրթանպաստներ ստացան Արփինէ Բարսեղեան, Նայիրա Բարսեղեան, Արթին Գալուստեան, Թալին Կէօվրէքեան, Քրիսթինա Յակոբեան, Սարօ Հարուն, Յարութ Յովսէփեան, Կերի Քիրիքեան, Շողեր Նալպանտեան, Ռամի Նազար, Գնէլ Փիւազեան եւ Լիլի Սարեան-Կիւլեան։
Ընկերակցութեան երկարամեայ անդամ տոքթ. Վահան Անանեանի յիշատակին, Անանեան ընտանիքին կողմէ նոր հաստատուած հիմնադրամի կրթանպաստը, տոքթ. Վահան Անանեանի այրիին՝ Անահիտին կողմէ յանձնուեցաւ Լիլի Սարեան-Կիւլեանին, իսկ տոքթ. Նորիկ Պօղոսեանի յիշատակի կրթանպաստը Յարութ Յովսէփեանին յանձնուեցաւ՝ Հիլտա Պօղոսեանին կողմէ։ Նաեւ, Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան բարեկամներու (նախապէս՝ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան տիկնանց օժանդակ մարմին) կրթանպաստը յանձնուեցաւ Թալին Կէօվրէքեանին։
2015ին իր հիմնադրութեան 30ամեակը տօնելու պատրաստուող ընկերակցութեան եւ անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aamsc.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.