
Հնութիւններով հարուստ Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս, շատ են նաեւ նորութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին նոր սերունդի ստեղծագործական բազմաշնորհ աշխատանքով:
Թաւրիզի մէջ ծնած եւ Հայոց դպրոցը նոր աւարտած պարմանուհիներէն է, արդէն իր նկարչական ստեղծագործութիւններու քանակը բազմացուցած 17ամեայ Փօլէթ Բենոյեանը:
Թաւրիզահայ հօր՝ Վահիկի եւ մօր՝ Անահիտի միակ զաւակը, կանուխ տարիքէն իր մէջ յայտնաբերած է նկարչութեան շնորհը, եւ ցարդ կտաւի վրայ նկարած բազմաթիւ գործեր, որոնք կը շօշափեն տարբեր նիւթեր՝ բնապատկերներէն մինչեւ բնորդուհիներու կերպարներ:
Սոյն արուեստի դժուարագոյն երեսներէն համարուող ծովանկարչութիւնն ալ փորձած է Փօլէթը, նաեւ յառաջդիմելով այս մարզին մէջ:
«Նոպովէթ» դպրոցին մէջ, միջնակարգ ուսման համար անհրաժեշտ յաւելեալ ժամերու յատկացումն ալ չի՛ խանգարեր, որ Փօլէթը նկարչութեան արուեստին հանդէպ իր սէրը չնուազեցնէ: Ան արդէն 8րդ տարին է որ կը հետեւի նկարչութեան յատուկ դասընթացքի, Թաւրիզի մէջ գործող «Մոքապպէր» արուեստանոցին մէջ: Անոր աշակերտական տարիքի գործերէն մէկը ընտրուած է արդէն Թաւրիզ քաղաքին առաջին, իսկ Ատրպատականի Արեւելեան նահանգի երրորդ նկարը, Կրթական նախարարութեան կողմէ:
Փօլէթ միշտ թարմ կը պահէ իր երանգապնակը եւ իր ներշնչման յատուկ նիւթերը վրձինի եւ գոյներու համերաշխ ներդաշնակումով կ՛արձանացնէ «մշակոյթի գանձարան»ի պատերուն:
Հոգեւոր արժէքները՝ քրիստոնէական հաւատքն ու եկեղեցին, կրօնն ու ազգային հաւատալիքները եւս մաս կը կազմեն մշակութային այն ներաշխարհին, որուն բացուած է անոր պարմանուհիի ջինջ հոգին, ընդգրկելով հայ հաւատքի բիւրեղագոյն խորհրդապաշտութիւնը:
Երեք տարի առաջ, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հրատարակած «Ոգեղէն Հայելի» (տպ. Թաւրիզ, 2012) հատորին մէջ տեղ գտած «Խաչիս Ծայրէն Բռնէ՛» յօդուածին ներշնչման ներքեւ, Փօլէթ նկարած է խորհրդապատկեր մը, որ կը ներկայացնէ իր խաչը կրող տառապող անձ մը, որուն աստուածային ձեռքը օգնութեան կը հասնի երկինքէն: Փօլէթի հայրը, որ աչազուրկ եղած է վերջին տարիներուն, չէր տեսած իր աղջկան նկարած նորագոյն գործերը, սակայն Փօլէթ խոր հաւատք ունի, որ Աստուած պիտի բռնէ՛ իր խաչի ծայրէն, թեթեւցնելու համար իր տառապանքը, ու պիտի վերականգնուի հօր տեսողութիւնը:
Սփիւռքահայ մեր նոր սերունդին մէջ, այստեղ, Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս, տաղանդաշատ անձերու յայտնաբերումը նկատելով խիստ շահեկան, սոյն նիւթը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, միշտ հաւատալով մեր ազգի գոյութեան երաշխիքը հանդիսացող գալիք երիտասարդ ուժերու շինիչ ներդրման:
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ