Անկասկած օգտակար նախաձեռնութիւն մըն է, զոր յանձն առած է ՀԲԸՄը այս մեծ ոստանի՝ Նիւ Եորքի մէջ: Արդարեւ, յաջորդական 7րդ տարին ըլլալով, Նիւ Եորքի Բարեգործականի կանանց յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասական երաժշտութեան համերգ, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի ամանօրեայ տօնական օրերուն:
Այս տարուան հանդիսութիւնը նուիրուեցաւ հայրենի երգահան Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75րդ տարեդարձին: Ան իր գնահատանքը գրաւոր յայտնեց, ըսելով որ իր ստեղծագործութիւնները կը դառնային պատճառ ի մի հաւաքելու երաժշտասէր հասարակութիւնը: Ըսենք, որ այսօր Հայաստանի ամէնէն վաւերական եւ համաշխարհային վարկ վայելող երաժիշտն է ան, որ Լիբանանէն հայրենադարձ եկաւ Խորհրդային Հայաստան եւ իր տաղանդն ու արուեստը շաղախեց հայրենի այլապէս հարուստ արուեստի աշխարհին, ինչպէս ըրին Գոհար Գասպարեան, Օհան Տուրեան, Յովհաննէս Չէքիճեան եւ մեր միւս մեծերը:
Այս յայտագիրին կազմակերպութեան համաատենապետները՝ Մարալ Ճէպէճեան ու Սօսի Սեդրակեան ամէն ջանք թափած էին լաւագոյնս կազմակերպելու այս ելոյթը: Արդարեւ, Նիւ Եորքի «Ճիւլիըրտ» երաժշտանոցէն, Լոնտոնի Արքայական երաժշտութեան հիմնարկէն, Միշիկընի նահանգային համալսարանէն, Սկովտիոյ Արքայական երաժշտանոցէն եւ Մոնթրէալի համալսարանէն շրջանաւարտ հոյլ մը տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Բարեգործականի ամէնէն որակաւոր մշակութային ձեռնարկը կոչուելու արժանի է այս տարեկան համոյթը:
Յայտագիրին մէջ երկու գործ ընտրուած էր Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններէն՝ «Ակնիւս Տէյ»՝ մասնակցութեամբ Նարեկ Յարութիւնեանի՝ աւագասրինգ (clarinet), Սամուէլ Առաքելեանի՝ ջութակ, Էտուըրտ Պօղոսեանի՝ թաւջութակ եւ Գրիգոր Խաչատրեանի՝ դաշնակ. «Լամենթօ»՝ կատարողութեամբ Նունէ Մելիքեանի՝ դաշնակ, աննման կատարողութեամբ, ինչպէս միշտ:
Յայտագիրը սկսաւ Մոցարթի բարձրասրինգի (oboe) «քառեակ»ով. Լորէն Ուիլիըմզ՝ բարձրասրինգ, Նունէ Մելիքեան՝ դաշնակ, Վերոնիքա Վարդբարդիկեան՝ վիոլա եւ Էտուըրտ Պօղոսեան՝ թաւջութակ: Այնուհետեւ դաշնակի վրայ Գրիգոր Խաչատրեան լաւագոյնս արժեւորեց Շոփէնի «Էթիւտ Օփիւս 25» գործը:
Սարգիս Մելքոնեան՝ բնիկ պուլկարահայ, որ գեղարուեստական ղեկավարն էր այդ երեկոյ, դաշնակի վրայ անմահացուց Առնօ Պապաջանեանի «Էլէժի»ն, իսկ ներկաներուն բարձր գնահատանքին արժանացաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Երեւան Էթ-իւտ»ը, մասնակցութեամբ Նունէ Մելիքեանի, Լիլիթ Քիւրտեանի եւ Գրիգոր Խաչատրեանի:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ Ռոպերթ Շումանի «Դաշնակի հնգեակ»ով, որմէ ետք Նարեկ Յարութիւնեան աւագասրինգի վրայ հանդէս եկաւ Իւան Օլենչիքի «Սպանական քափրիս» կտորով, որ դարձեալ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ ծափահարութիւններով: Արամ Խաչատուրեանի «Օրօր»ը Լորըն Ուիլիըմզի, Սամուէլ Առաքելեանի, Լիլիթ Քիւրտեանի եւ Սարգիս Զաքարեանի կողմէ ու այնուհետեւ Մոցարթի «Դաշնակի Սոնաթա»ն՝ նուագուած Զաքարեանի եւ Խաչատրեանի կողմէ, յաջողութեան նոր ու եզակի արձանագրութիւն մը հանդիսացաւ անկասկած:
Հուսկ, դարձեալ Սպենդիարեանէն «Ղայթարմա»ն Առաքելեան-Մելիքեան-Վարդբարդիկեան-Պօղոսեան բերաւ աւարտը այս սքանչելի յայտագիրին:
Արձանագրենք, որ յայտագիրին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը Հայաստան ծնած մեր տաղանդաւոր արուեստագէտներն էին:
Անգամի մը համար դարձեալ կը հաստատենք մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին որակն ու մակարդակը: Որքա՜ն աշխատանք տարուած է այս նոր սերունդին վրայ դեռ խորհրդային կարգերէն սկսեալ, երբ գուրգուրանքով անոնց ուսուցիչները հետեւած են իրենց աշակերտներուն երաժշտական դաստիարակութեան: Անոնք միայն պատիւ կրնան բերել որեւէ ազգի: Եւ անշուշտ նիւեորքահայութեան մէջ անոնք մէկական արժէքներ կը մնան ու պիտի մնան ընդմիշտ:
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք երաժշտական յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Հայկ Արսէնեանի, ինչպէս նաեւ այս հանդիսութիւնը կազմակերպող տիկինները՝ Անիթա Անսրլեան, Գարոլ Արսլանեան, Սերտա Պըլըքտանեան, Պէթի Չերքեզեան, Մելիսա Տէմիրճեան, Նիլա Ֆստըգճեան, Մարալ Հաժժար, Հիլտա Յարութիւնեան, Մարալ Ճէպէճեան, Վեսնա Մարգարեան, Սօսի Սեդրակեան եւ Վերա Սեդրակեան, մէկական ազնիւ տիկիններ, որոնք ամէն ջանք կը թափեն բարձր պահելու հայ երաժշտութեան որակը այս հարուստ ոստանէն ներս:
Դեկտեմբեր 6ի երեկոյեան «Քարնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահը լեցուցած էր երաժշտասէր հասարակութիւն մը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄի պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, բարերարներ եւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.