ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Քր-տական համայնքներու միութեան (ՔՀՄ, KCK) գործադիր խորհուրդի նախագահ Ճեմիլ Պայըք հարցազրոյց մը տուած է գերմանական «Die Zeit» թերթին՝ քննադատելով քրտական տագնապը լուծելու նպատակով սկսած գործընթացին նկատմամբ Անգարայի իշխանութիւններու անլուրջ վերաբերմունքը։
Պայըք նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան մօտեցումը ցոյց կու տայ, որ նպատակ չունի իր լրումին հասցնելու հաշտեցման գործընթացը, որուն հետեւանքով, քիւրտերը սկսած են խնդիրը ռազմական միջոցներով լուծելու հաւանականութիւնը քննելու:
Ան յայտարարած է, որ իրենք ի հարկին պիտի վերադառնան զինեալ պայքարի՝ շեշտելով, որ «ոչ ոք կրնայ մեզի մեր լեռներէն իջեցնել»:
Անդրադառնալով սուրիական Քոպանի քաղաքին վրայ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու յարձակումներուն՝ Պայըք նշած է, որ Թուրքիա շահագրգռուած է կռիւներու երկարաձգումով ու այդ պատճառով ալ աջակցած է «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.