ԼՈՆՏՈՆ.- «Պի.Պի.Սի.»ի կայքը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 19ին հաղորդեց, որ հիւսիսային Իրաքի քրտական ուժերու զինեալները՝ փեշմերկաները, Սինճարի շուրջ օղակը դարձեալ կեցած են ճեղքել՝ ուտեստեղէն ու մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելով «Իսլամական պետութեան» կողմէ շրջափակուած տասնեակ հազարաւոր եզիտիներու, միաժամանակ դէպի Սուրիա տանող ճամբան իրենց հսկողութեան տակ առնելով։
Իսլամ ծայրայեղականներու զինեալներուն դէմ այս գործողութեան մասնակցած են 8000 քիւրտ զինեալներ, որոնց աջակցած է նաեւ ամերիկեան օդուժը։
Քրտական ուժերը բանտարկած են անձնատուր եղած 15 իսլամ ծայրայեղականներ, մինչ ուրիշներ կրցած են փախուստ տալ դէպի Սուրիա:
Ըստ Իրաքի իշխանութեանց՝ բախումները կը շարունակուին շրջանին մէջ՝ ուշացնելով եզիտիներու ապահով տեղափոխութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.