
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի երեսփոխան Տօղուշ Տերիա, Դեկտեմբեր 18ին յանդուգն ելոյթ մը ունեցած է խորհրդարանին մէջ։ Յիշեցնելէ ետք, որ շրջանին մէջ, բացի թուրքերէն՝ հայեր ու յոյներ եւս կը բնակին, ան յայտարարած է, որ հաշտութեան համար պայման է առերեսուիլ անցեալի հետ։ «Պատերազմներու մէջ յաղթող կողմ չկայ։ Բացի թուրքերէն՝ հայեր, յոյներ եւ մարոնիթներ ալ ցաւ ապրեցան։ Անոնք ալ անտուն մնացին, կորուստներ կրեցին եւ բռնութիւններու ենթարկուեցան թուրք զինուորներուն կողմէ», ըսած է Տերիա, որուն այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ ստեղծած է դահլիճէն ներս։
Կարգ մը երեսփոխաններ պահանջած են, որ Տերիա ներողութիւն խնդրէ իր խօսքերուն համար, բայց Տերիա ոչ միայն հաստատ մնացած է, այլ նաեւ ոստիկանութեան մօտ բողոք ներկայացուցած է բոլոր այն երեսփոխաններուն դէմ, որոնք իր հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ըրած էին։ Այդ միջադէպէն ետք, Տերիա հարցազրոյց մը տուած է տեղւոյն «Վաթան» թերթին՝ ըսելով. «Թրքական բանակը յանցագործութիւններ ըրած է 1974ին, իբրեւ զէնք գործածելով բռնաբարութիւններն ու բռնութիւնները։ 1974էն առաջ եւ ետք, իրադարձութիւններուն ընթացքին անմեղ բնակիչներ բռնաբարութիւններու ենթարկուեցան զինուորներու կողմէ»։