ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Իլեթիշիմ» հրատարակչատունը վերջերս հրատարակեց Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գրի առնուած նոր գիրքի մը թրքերէն թարգմանութիւնը, որ կը կոչուի «Թուրքիա Եւ Հայկական Ուրուականը. Քայլեր՝ Ցեղասպանութեան Հետքերուն Վրայ»։
Գիրքին զոյգ հեղինակներն են ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթի աշխատակից Լոր Մարշան եւ «Լը Մոնտ» թերթի Թուրքիոյ թղթակից Կիյոմ Փեռիէ։ Երկու հեղինակներուն կողմէ գրի առնուած գիրքը կը քննարկէ 2004էն ասդին Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները ու այս կարգին, տարբեր տեսանկիւնէ մը վկայութիւններ կը բերէ Հայկական Հարցին մասին՝ այդ հարցը նկատելով Թուրքիոյ դիմագրաւած ամէնէն նուրբ խնդիրներէն մէկը։
Ֆրանսացի հեղինակները իրենց այս գիրքին մէջ կը խօսին անունները փոխուած գիւղերու, այդ գիւղերուն մէջ քանդուած տուներու եւ եկեղեցիներու, սպաննուած, այս կամ այն կերպով վերապրած մարդոց զաւակներու ու թոռներու պատմածներուն մասին եւ այս կերպով, Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան դիմաց եւ անկէ բոլորովին տարբեր պատմութիւն մը կը գոյացնեն։
18 բաժիններէ բաղկացած գիրքի հեղինակները այստեղ ի մի բերած են Ֆրանսայի, Պոլսոյ ու Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները, նաեւ բերած են վկայութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու թոռներէն, խօսած են Սեւան Նշանեանի պատահարին մասին, Դպրեվանքին մասին, որմէ շրջանաւարտ եղած է Հրանդ Տինք, նաեւ «Թիքքօ»ի զինեալներուն մասին, որոնք իրենց կազմակերպութիւնը հիմնած էին Ապրիլ 24, 1972ին։
Գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Ռենան Աքմանի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ այս թարգմանութիւնը կատարած է մօտաւորապէս վեց ամսուան աշխատանքով։ Անոր կարծիքով՝ այս գիրքը խորունկ ազդեցութիւն պիտի գործէ երիտասարդ թուրքերու վրայ եւ երիտասարդութիւնը ճամբայ պիտի հանէ դէպի ճշմարտութիւն տանող ցնցիչ ուղեւորութեան մը։ Աքման, որ խօսած է «Տեմոքրաթհապեր» կայքի լրագրող Հրանդ Գասպարեանի հետ, յայտնած է, թէ հեղինակները իրենց գիրքին մէջ ունին վարպետօրէն գործածուած ու շատ սահուն ոճ մը։ Թարգմանիչը ինք եւս խորապէս ազդուած է Հայկական Հարցին մասին իր այստեղ կարդացածներէն, ցնցիչ տպաւորութիւն կրած է Տերսիմի հայերուն մասին պատմուածներէն, Մարսէյի մէջ «Փոքրիկ Հայաստան» մը հիմնած այն հայերէն, որոնք Ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, ինչպէս նաեւ այն այցելութիւններէն, զորս Սփիւռքի մէջ ապրող հայեր սկսած են կատարելու իրենց մայր հայրենիքը, եւ հայերը փրկել ջանացող Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնատարներու պատմութիւններէն։ Թարգմանիչը դիտել կու տայ, որ այս գիրքը տխուր ուղեւորութեան մը պատմութիւնն է։
Գիրքի ծանօթացումը կատարուեցաւ Թաքսիմի ֆրանսական հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած շնորհահանդէսով մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հեղինակներէն Լոր Մարշան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.