ԵՐԵՒԱՆ.– 19 Դեկտեմբերին Տաւուշի մարզի Արծուաբերդ սահմանամերձ գիւղին մէջ գործածութեան յանձնուեցան պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցներով կառուցուած բնակելի այլ շէնք մը, որ նախատեսուած է սպաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Բնակարանամուտի արարողութեան ներկայ եղած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Այս մասին կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու գրասենեակը։
12 սպաներուն նոր բնակարանի բանալիները եւ սեփականաշնորհման վկայականները յանձնելով՝ նախարարը շնորհաւորանքի խօսք արտասանած ու կարեւոր նկատած է ընկերային–կենցաղային պայմաններու ապահովումն ու կեցութեան հարցի լուծումը զինուորներուն համար, քանզի իւրաքանչիւր սպայ պէտք է ունենայ իր ջերմ անկիւնը, որպէսզի կարողանայ բարեխղճօրէն շարունակել ծառայութիւնը: Նախարարը հաստատած է, որ յառաջիկային Տաւուշի մարզին մէջ 50 ընտանիք եւս պիտի ապահովուի բնակարաններով:
Այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցած է 3րդ բանակային զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերէն մէկուն զինուորական կազմին եւ տարածաշրջանի համայնքներու ղեկավարներուն հետ. հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են 2014ի աշխատանքներն ու քննարկուած հետագայի ծրագիրները:
Սէյրան Օհանեան՝ արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեանի եւ Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի հետ այցելած է նաեւ մարտական յենակէտեր: Անոնք ծանօթացած են մարտական հերթապահութեան պայմաններուն, զինուորներու մարտական պատրաստականութեան ու բարոյահոգեբանական վիճակին, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած են անոնց առօրեայով ու կենցաղային պայմաններով:
Տաւուշի մարզին մէջ շրջագայութիւնը եզրափակուած է ռազմական ոստիկանութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, ուր նախարարները մասնակցած են 3րդ կայանազօրային կարգապահական վաշտի բացման արարողութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.