ԵՐԵՒԱՆ.– Համաշխարհային դրամատունը 19 Դեկտեմբերին ամփոփած է 2014ին Հայաստանին տրամադրած ֆինանսական օժանդակութիւնը եւ վերահաստատած 2015ին պետական քաղաքականութեան բարեփոխումներու եւ ճիւղային ծրագիրներու ուղղութեամբ ներդրումները: Դրամատան հայաստանեան գրասենեակէն յայտնած են, որ յաջորդ շաբաթ Համաշխարհային դրամատան զարգացման քաղաքականութեան վարկի ծիրին մէջ կը նախատեսուի 75 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանի կառավարութեան:
Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլի յայտնած է, որ 2015ի առաջին կիսուն կը նախատեսուի ամսական յատկացումներու բար-ձր մակարդակ. սկիզբը մօտ 5 միլիոն տոլար ամէն ամիս, աստիճանական աւելցնելու հեռանկարով, քանի որ 2014ին հաստատուած 5 նոր ծրագիրները եւս կը սկսին գործելու եւ տեսանելի արդիւնքներ կ՛ապահովեն հայ ընտանիքներուն համար:
Ներկայ դրութեամբ կը գործադրուին Համաշխարհային դրամատան 13 ճիւղային ծրագիրներ, որոնց համար 2014ին յատկացուած է աւելի քան 40 միլիոն տոլար: Այս օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց 2014ին ընթացքին համաձայնութեան արժանացած 5 ծրագիրներէն երկուքը՝ ընկերային պաշտպանութեան վարչարարութեան 2րդ ծրագիրը եւ կրթական բարելաւումների ծրագիրը: Կ՛ակնկալուի, որ միւս 3 նոր ծրագիրները՝ Համայնքներու գիւղատնտեսական պաշարներու կառավարման եւ մրցունակութեան ծրագիրը, լրացուցիչ ֆինանսաւորում ստացած ելեկտրականութեան մատակարարման յուսալիութեան ծրագիրը եւ Առեւտուրի խթանման ու որակի ենթակառուցուածքներու ծրագիրը, պիտի վաւերացուին 2015ի սկիզբը: Այս ծրագիրները շուրջ 170 միլիոն տոլար պիտի ապահովեն Հայաստանի համայնքներուն մէջ դրական տեղաշարժեր կատարելու համար:
Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ դրամատան փորձագիտական խումբերու եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ քննարկումները կը շարունակուին ճամբաներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ համայնքային զարգացման, նաեւ Հայաստանի ընկերային ներդրումներուն ցուցաբերուելիք աջակցութեան առնչութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.