ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրային կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու իր գործընկերներուն համար իւրօրինակ շրջագայութիւն կազմակերպած էր Ռուսիոյ պաշտպանութեան կառավարման ազգային կեդրոնին մէջ: Հիւրերուն կարգին էր նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Վկայակոչելով ռուսական TVzvezda.ru-ն՝ «Արմէնփրէս» կը յայտնէ, որ հիւրերուն եւ ՀԱՊԿ անդամներուն ներկայացուած են տարբեր գերատեսչութիւններէ ստացուող տեղեկատուութեան մշակման ժամանակակից համակարգերը, «Ռոսատոմ»ը, Գլխաւոր ղեկավարման մարմինի հրամանատարական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային կեդրոնը:
Վերոյիշեալ նորագոյն սարքաւորումները ի վիճակի են մշակելու տեղեկութիւնները կրկնակիօրէն աւելի արագ, քան Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու «ուղեղային կեդրոնը»: Իսկ պահպանուող տեղեկատուութեան ծաւալը Փենթակոնի յիշողութեան ծաւալը կը գերազանցէ 19 անգամով:
22 Դեկտեմբերին կայացած նիստին կողմերը ամփոփած են 2014 թուականին ՀԱՊԿի մէջ Ռուսիոյ նախագահութեան արդիւնքները եւ պիտի սահմանեն յառաջիկայ տարուան համար կազմակերպութեան խնդիրները։
Նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 21 Դեկտեմբերին մեկնած է Մոսկուա՝ 22 Դեկտեմբերին ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցելու նպատակով: Նիստի ծիրին մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հանդիպումը Պելոռուսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, զօր. Ա. Ռաւքովի հետ. հանդիպման ընթացքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները պիտի հաստատեն հայ-պելոռուսական երկկողմանի համագործակցութեան 2015ի ծրագիրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.