ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի մէջ կրծքագեղձի քաղցկեղով տառապող կիներուն թիւը նուազած է 20 տոկոսով: Հանրային առողջութեան պահպանման հայկական կեդրոնի հաղորդագրութեան համաձայն՝ այդ մասին կը վկայեն Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոնի վիճակագրական տուեալները:
«2014 թուականը մեզ համար ուրախալի է նրանով, որ, եթէ նախկինում ամէն 16րդ կինն էր Հայաստանում հիւանդ կրծքագեղձի քաղցկեղով, ապա այս տարուայ տուեալներով կարող ենք ասել, որ այդ ախտորոշմամբ է տառապում ամէն 20րդ կինը», յայտնած է կեդրոնի տնօրէն Խաչանուշ Յակոբեանը: «Քաղցկեղն աւելի հեշտ է կանխարգելել, քան բուժել, եւ մեր հասարակութիւնը կարծես թէ գալիս է այս բանի գիտակցմանը», աւելցուցած է ան: Հետազօտութիւնը կատարուած է այս տարուան ընթացքին՝ հիմնուելով Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոն այցելած մօտ 40 հազար կիներու քննութեան արդիւնքներուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.