
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ընտանեկան բռնութեանց նուիրուած քննարկում մը՝ պատմական, մշակութային եւ օրինական տեսանկիւններէ, տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունուար 15ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսալ։
Կլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street), անգլերէնով եւ հայերէնով կայանալիք սոյն քննարկումը պիտի առաջնորդեն հոգեբան Ռիթա Աւետիսեանն ու իրաւաբան Նեթըլի Սեմերճեանը։
Ձեռնարկը հովանաւորուած է Կլենտէյլի Գրադարանի արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին եւ Ամերիկահայ մտային առողջապահութեան միութեան կողմէ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարանի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548- 3288 թիւիով կամ Egrigorian@GlendaleCA.Gov հասցէով։