Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, թէ 2015ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2014էն: Բայց բոլորն ալ կը փափաքին ու կը մաղթեն լաւին ձգտումը, խաղաղ ու բնական կեանք մը ապրելու փափաքը եւ կը յայտնեն իրենց բարեմաղթութիւնները աշխարհի ապահովութեան ու կայունութեան համար:
Մարդիկ, ի տես անցնող տարուան ընթացքին աշխարհի ապրած դժուար ու վտանգաւոր օրերու վերիվայրումներուն, կեանքի համար մղուած պայքարներուն, տակաւին պիտի յուսան, որ իրենց երազներն ու փափաքները իրականացնեն:
Բնականաբար, աշխարհը մէկ օրէն միւսը անմիջապէս պիտի չբարեփոխուի, քաղաքական կեանքը արագ յեղաշրջումներ պիտի չապրի եւ մարդոց տուներուն մէջ յանկարծ բարեկեցիկ կեանքի մը պատկերները պիտի չյայտնուին:
Ըստ ոմանց՝ 2015 տարուան պիտի ըլլան սկսած պատերազմներուն խաղաղութեան սիրոյն որոշ աշխատանքներ, որոնք տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւն պիտի ստեղծեն յաջորդող երկար տարիներուն համար: Հիմնուելով անցեալ տարուան որոշ տուեալներուն վրայ՝ այս տարուան ընթացքին շատ հաւանաբար պիտի բազմանան պատերազմները, ահաբեկումները, բնական աղէտները, յատկապէս Արեւելքի մէջ եւ ընդհանրապէս աշխարհի այլ երկիրներու մէջ: Առաւել բախտաւոր պիտի ըլլան այն անձերը, որոնք ծնած են Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը եւ կամ ամսուան 9էն-16ի միջեւ:
Բայց ինչ ալ ըլլան 2015 տարուան մասին յայտնաբերուած կարծիքները եւ գուշակութիւնները, մեր կարգին, մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամէնէն բարին:
2005 տարուան համար աստղաբաշխները գլխաւորաբար հետեւեալ նախատեսութիւնները կ՛ընեն.
– Միջին Արեւելքի մէջ պիտի շարունակուին առեւանգումի եւ ահաբեկումի փորձերը.
– Սուրիան եւ Լիբանանը անմասն պիտի չմնան քաղաքական այս խառնակ իրավիճակներէն.
– Միացեալ Նահանգներ ճնշում պիտի բանեցնեն Միջին Արեւելքի երկիրներուն վրայ՝ շրջանի խաղաղութիւնը վերահաստատելու գծով.
– Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական արարքները պիտի աւելնան.
– Աշխարհի մեծ պետութիւններու դրամատուներ պիտի սնանկանան.
– Ամերիկան կրկին անգամ ներքին հարցերով պիտի տագնապի.
– New York Stock-ը մեծ եւ սուր վերիվայրումներ պիտի ունենայ.
– Հոլիվուտի համբաւաւոր դերասաններէն մէկը պիտի մահանայ.
– Համաշխարհային կարեւոր դաշնագիրներ պիտի ստորագրուին.
– Անգլիոյ թագուհին իր գահէն պիտի հրաժարի.
– Չինաստանի եւ Թայլենտի մէջ ներքին խռովութիւնները անպակաս պիտի ըլլան.
– Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը եւ Մեքսիքօ մեծ երկրաշարժեր պիտի ունենան.
– Երկրագունդի մակերեսի ջերմութեան աստիճանին յաւելումը լուրջ մտահոգութիւններ պիտի ստեղծէ.
– Չինաստան կրկին անգամ պիտի գրաւէ աշխարհի ուշադրութիւնը.
– Windows 10 պիտի ստեղծուի.
– Մեծ ընկերութիւններ նիւթապէս մեծ վնասներ պիտի կրեն Միջին Արեւելքի իրենց ծրագրումներէն.
– Արուեստական սիրտի գործածութիւնը նոր փուլի մէջ պիտի մտնէ եւ պիտի դառնայ ընդհանրական.
– Հիւսիսային Քորէա եւ Իրան պիտի դառնան լուրջ վտանգներ.
– Աշխարհ պիտի ապրի տնտեսական մեծ անկումներ.
– Գործանականապէս ծնունդ պիտի առնէ Եւրասիական Միութիւնը, որուն անդամ է նաեւ Հայաստանը.
– Մինչեւ Նոյեմբեր ամերիկեան բանակը պիտի հեռանայ Աֆղանիստանէն.
– Միացեալ Նահանգներու հիւսիսային եւ հարաւային նահանգներէն ներս բնակարանի գիները տագնապալի շրջան մը պիտի ապրին:
– Ամերիկա պիտի դիմագրաւէ նաեւ լուրջ այլ տագնապներ.
– Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնան հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրներու իրագործման.
– Ալ Քայիտա յարձակումներ պիտի կատարէ Եւրոպայի մէջ.
– Իսլամ ծայրահեղականներ յարձակում պիտի գործեն Վատիկանի վրայ.
– Իրանը աշխարհի քարիւղի տագնապին ծնունդ պիտի տայ.
– Իրաք մեծ դժուարութիւններու առջեւ պիտի գտնուի.
– Միջին Արեւելքի քիւրտերը որոշ շրջաններէ ներս անկախութեան պիտի տիրանան.
– Իսրայէլ միջ-կուսակցական տագնապներ պիտի ապրի.
– Փաքիստան եւ Հնդկաստան հիւլէական զէնքերով իրարու պիտի սպառնան.
– Չինաստան-Քուպա յարաբերութեան սերտացումը պիտի մտահոգէ աշխարհը՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգները.
– Իսլամ ծայրայեղականներ պիտի փորձեն ահաբեկել Սուրիոյ նախագահը.
– Հիւսիսային Քորէա համաձայն պիտի գտնուի հիւլէական իր աշխատանքները դադրեցնելու.
– Աշխարհը բանջարեղէններու քանակի պակասի լուրջ պագնապ մը պիտի ապրի.
– Աւստրալիա ահաբեկչական արարքներու նոր թիրախ մը պիտի դառնայ.
– Եւրոպա աննախընթաց անձրեւներու, կարկուտի ու փոթորիկներու տարի մը պիտի ապրի.
– Չինաստան իր յստակ խօսքը պիտի ունենայ եւրոպական հարցերուն մէջ.
– Կաթոլիկ եկեղեցին անգամ մը եւս մեծ ցնցումներու պիտի ենթարկուի.
– Իսրայելի մէջ պեղումները նոր յայտնաբերում պիտի կատարեն.
– Աշխարհի առաջնորդները իրենց ժողովուրդները պիտի պահեն վախի մէջ։
———————————————————
Turbo Wholesale Tires, Inc.
Wishes the entire community
Merry Christmas and a Happy New Year