Նոյնիսկ բանտին սրահները զարդարուած են, եւ բանտարկեալները՝ փափկացած հոգիներով եւ բարձր տրամադրութեամբ, նոր անձեր դարձած են։
Բացի Վահէէն։
Երկնցած բանտի իր խցիկին մահճակալին վրայ, այս Ծննդեան երգերն ու հրաշալի մթնոլորտը փոխանակ քիչ մը ուրախութիւն պատճառելու, ընկճած եւ աւելի անտրամադիր դարձուցած էին զինք։
Վահէ, ինկած խոր մտածումներու մէջ, կը ջանար վերյիշել ու վերլուծել դէպքերը, որոնք առաջնորդած էին զինք հոս։ Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչպէս եղաւ։ Թէ ի՞նչպէս իր նման մաքուր ընտանիքէ սերած, պատուական հօր ու մօր զաւակը, որուն բարոյական արժէքներն ու ընտանեկան եւ ազգային արժանապատւութիւնը անսակարկ սրբութիւններ էին, հասած էր հոս՝ Քալիֆորնիոյ ոչ վայրագ ոճրագործներու բանտը, Լոս Անճելըսէն ժամ մը հեռու։
Ինը տարի եղած էր Ամերիկա գալուն։ Թէեւ ծնողքը բարեկեցիկ՝ մեծ զոհողութիւններով զինք ղրկած էին Ամերիկա, համալսարանական ուսումը շարունակելու։ Տարի մը ետք իր մեծ քոյրն ալ ամուսնացած էր, Նիւ Եորք հաստատուած նախկին իրենց թաղեցի Սուրէնին հետ։ Վերջին հինգ տարիները, Ծննդեան այս շրջանին միշտ գացած էր Նիւ Եորք, քրոջ ընտանիքին հետ անցընելու։ Այս տարի ստած էր, ըսելով թէ գործով երկրէն դուրս պիտի գտնուի։
Համալսարանը պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտելէ ետք որպէս քիմիական ճարտարագէտ, քարիւղի մեծ ընկերութեան մը մէջ գործի սկսած էր։ Իր յարատեւ աշխատանքով, արթնամտութեամբ եւ փայլուն գաղափարներով շատ արագ բարձրացած էր ընկերութեան խաւերէն վեր եւ ունէր նախանձելի դիրք մը՝ վարկով եւ նիւթականով։
Յարկաբաժին մը վարձած էր Ուեսթվուտ շրջանի բարձր շէնքերէն մէկուն մէջ, որ լեցուն էր իրեն պէս լաւ վճարուած ամուրիներով եւ զոյգերով։ Ընկերութեան կեդրոնատեղին միայն հինգ վայրկեան անդին, Սէնչըրի սիթիի երկնաքերերէն մէկուն բարձրագոյն երեք յարկերը կը գրաւէր։ Իր անձնական գրասենեակը ունէր հրաշալի տեսարան մը. քաղաքը, լեռներն ու Խաղաղականը ունենալով իր տեսողութեան դաշտին մէջ։
Արաբերէն լեզուին տիրապետելուն համար, վերջին երկու տարիներուն սկսած էր Ծոցի արաբական երկիրները ճամբորդել, որոնք ընկերութեան մեծագոյն օտար շուկան էին։ Տասը ամիս առաջ ալ նշանակուած էր այս աշխարհահռչակ ընկերութեան անդրծովեայ առուծախի երեք փոխնախագահներէն մէկը։
Վահէ 28 տարեկան էր միայն։
Ինք Հալէպի մէջ միշտ եղած էր միութենական մարզական կեանքէ ներս եւ գործօն դեր ունէր հայկական ձեռնարկներու՝ մանաւանդ իրենց եկեղեցւոյ Երիտասարդաց æանիցէն ներս։ Բայց հոս, Ամերիկա, գործի եւ զանազան պատճառներով հեռու մնացած էր հայկական շրջանակներէ։ Հեռու կը մնար մանաւանդ այն պատճառով, որ ուր որ երթար, որ շրջանակին մէջ ալ գտնուէր, մէկը անպայման ամուսնութեան համար շատ յարմար հայ աղջիկ մը ունէր իրեն ծանօթացնելիք։ Եւ ինք պատրաստ չէր ամուսնանալու։ Կ՛ուզէր քիչ մը խաղալ, քիչ մը կեանքը վայելել առանց որեւէ պատասխանատւութեան։ Կը սիրէր ամուրի կեանքը եւ մանաւանդ իգական սեռը։
Հալէպի ընկերներէն միայն երեք հոգիի հետ բարեկամութիւնը սերտօրէն կը շարունակէր։ Հինշաբթիները իրենց գիշերն էր։ Նոյն չորսը միշտ։ Երբեմն մի քանի այցելու ընկերներ ալ իրենց միացած՝ Հոլիվուտի հայկական համեստ ճաշարանի մը նոյն սեղանն էին։ Կատակելով, խնդալով, վիճաբանելով եւ ձայներնին բաւական բարձրացնելով, կը վերապրէին Հալէպի հին օրերը եւ իրենց ունեցած արկածախնդրութիւնները։ Վահէին համար այս գիշերները հաճոյքի իսկական պահեր էին։ Միակ կապը իր անցեալին եւ իր իսկական էութեան հետ, որ ձեւով մը ակամայ ուրացումի մէջ էր։
Քելիին հանդիպած էր 15 ամիս առաջ, աշխատած ընկերութեան տարեկան փիքնիքին։ Քելին, ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնին միակ աղջիկն էր։ Արեւելեան նահանգներուն անձնական համալսարաններէն մէկը նոր աւարտած եւ վերադարձած։ Այս տարեկան փիքնիքները Քելիին համար ձանձրացուցիչ դէպքեր էին։ Բայց որովհետեւ այդ օր ուրիշ ծրագիր մը չունէր, եկած էր պարզապէս հօրը ինքնասիրութիւնը շոյելու (հօրը փառասիրութիւնը պիտի շոյուէր Ivy համալսարանէ մը մագիստրոսի վկայականով վերադարձած իր աղջիկ զաւակը սնապարծօրէն վերածանօթացնելով իր ենթագործակիցներուն)։ Եկած էր մանաւանդ հետախուզելու, թէ արդեօք իրեն համար հետաքրքրական նոր տղայ մը կամ նոր որս մը կա՞յ։
Փիքնիքի ատեն, Վահէի եւ Քելիի աչքերը քանի մը անգամ իրար հանդիպեցան եւ մէկը միւսը քանի մը անգամ չափչփեց գոհացած ժպիտով։ Բայց Վահէ հետաքրքրուած չէր երթալով ինքզինք ծանօթացնելու, որովհետեւ արդէն տասնեակ մը ամուրի եւ իրեն տարեկից պաշտօնեաներ Քելիին շուրջը կը դառնային այն յոյսով, որ կրնային ձեռք ձգել իրենց համար ամենամեծ պարգեւը. որովետեւ Քելիին հայրը ոչ միայն այս հսկայ ընկերութեան տնօրէնն էր, այլ նաեւ ամենամեծ բաժնետէրը։ Վահէին խառնուածքին դէմ էր, միւս տղոց նման ճանճի պէս դառնալ մեղրին շուրջ. մանաւանդ վստահութիւնը ունէր՝ թէ Քելի ինք պիտի մօտենար իրեն։ Անոր նայուածքները այդ զգացումը ներշնչած էին Վահէին։
Վոլիպոլի խաղի ընթացքին, Վահէ եւ Քելի նոյն խումբին մէջ ինկան։ Քելի բաւական սպասելէ ետք Վահէին կողմէ մօտեցման քայլի մը, ինք նախաձեռնեց առաջին քայլը եւ իրեն յատուկ սրամտութեամբ մը, որ միշտ կ՛ուզէր ստորադասել դիմացինը եւ վայելել անոր հակադարձելու անկարողութիւնը՝ ըսաւ.
– Հաւանաբար կը նախընտրես աւազին վրայ վոլիպոլ խաղալ, որովհետեւ անապատին մէջ անո՛ր վարժ պէտք է ըլլաս։
– Հոգ չէ, – ըսաւ Վահէ առանց տատամսելու,- խոտին վրայ խաղալը քեզի դիւր պէտք է գայ, որով վստահ եմ բաւական արածած պէտք է ըլլաս։
– Իսկապէ՞ս,- ըսաւ Քելի, նախ զարմացած՝ ապա զայրացած այս արագ ապտակ պատասխանէն։ Բայց առանց զայրոյթը զգացնելու եւ ներքնապէս որոշելով, որ այս լակոտին շատ սուղի պիտի արժեցնէ այս անարգական կատակը, թեթեւ ժպիտով մը շարունակեց.
– Շատ, շա՜տ հետաքրքրական… թերեւս այս գիշեր աւելի կրնանք խօսիլ այս մասին՝ եթէ զիս ընթրիքի հրաւիրես։
Վահէ ընդունեց առաջարկը, եւ ժամը ութին ժամադրուեցան ծովեզերեայ ճաշարաններէն մէկուն պարը։
Քելի սովորաբար 45 վայրկեան կ՛ուշանար ժամադրութիւններուն։ Միշտ այդպէս կը սպասցնէր տղաքը եւ ատով կը ստանար գոհացում մը՝ որ մասնայատուկ է միայն իրեն նման շատ գեղեցիկ աղջիկներու։ Եւ լաւ գիտէր, թէ դիմացինը պատրաստ էր սպասելու՝ հոգ չէ թէ որքան։
Վահէ քսան վայրկեան սպասելէ ետք, ձգեց ճաշարանը եւ տուն դարձաւ: Քելի երբ հասաւ ժամադրութեան վայրը, աչքերուն չհաւատաց: Այս S.O.B. (փիճ) օտարականը կա՛մ իրեն չէր սպասած, կամ ալ աւելի նուաստացուցիչը՝ երբեք չէր եկած ժամադրութեան:
Երկուշաբթի առտու Քելիին առաջին գործը եղաւ հեռաձայնել Վահէին գրասենեակը եւ բացատրութիւն պահանջել: Վահէ հանդարտօրէն բացատրեց, թէ ինք ընդհանրապէս տասը վայրկեան միայն կը սպասէ իր ժամադրութիւններուն, բայց որովհետեւ իր հայրը ընկերութեան տնօրէնն էր, աւելցուցած էր քմծիծաղով մը, իրեն քսան վայրկեան սպասած էր:
– Հայրս իմ գործերուս մի՛ խառներ,- զայրացաւ Քելի եւ կ՛ուզէր բացատրել թէ ինչու ուշացած էր եւ այպանել Վահէն, թէ ըրածը երբեք մարդավայել չէր, թէ այս տեսակ վերաբերմունք… Բայց Վահէ կարճի կապեց:
– Լաւ ուրեմն, այս գիշեր նոյն տեղը ժամը 8ին: Եւ յիշէ, միայն տասը վայրկեան:
– Շատ լաւ,- ըսաւ Քելի եւ ընկալուչը ապտակի մը պէս իջեցուց հեռաձայնին:
Քելի, հոս անդրադարձաւ որ այս մէկը ուրիշ է: Չէր նմաներ միւս շատ մը տղոց, որոնց հետ յարատեւ խաղացած էր, եւ որոնք ամբողջ էութեամբ պատրաստ էին իր քմահաճոյքներուն գոհացում տալու եւ՝ ձեռքով ոտքով ինկած իր լարած խաղերուն: Այո, այս մէկը իսկապէս տարբեր է. ինքնավստահ, հպարտ եւ մանաւանդ շատ ներկայանալի, որ խաղը կ՛ուզէ խաղալ իր օրէնքներով: Ու այս բոլորը զինք աւելի բաղձալի կը դարձնէին Քելիին:
Այդ գիշեր հանդիպումը սկսաւ շատ լարուած: Բայց հետզհետէ, քանի մը խմիչքէ ետք, քիչ մը թուլցան, զիրար աւելի լաւ հասկցան, աւելի մօտ զգացին իրարու եւ մթնոլորտը սկսաւ շատ ջերմանալ:
Յաջորդ առտու, Քելի արթնցաւ Վահէին յարկաբաժնին մէջ:
Յաջորդող առաւօտ, Վահէ արթնցաւ Քելիին յարկաբաժնին մէջ: Եւ այսպէս, մինչեւ որ երկու ամիս ետք միասին փոխադրուեցան տարբեր յարկաբաժին մը:
Յարաբերութիւնը սկսաւ լրջանալ:
Քելի, որ այս խաղը սկսած էր որպէս պարզապէս հերթական արկածախնդրութիւն մը եւ Վահէն նկատի առած որպէս նոր boy-toy մը, միայն կարճ ժամանակ մը խաղալու, որովհետեւ այր մարդիկ միշտ զինք ձանձրացուցած էին կարճ ժամանակ մը ետք՝ որոշ զգացումներ սկսաւ ունենալ Վահէին հանդէպ: Չէր գիտեր թէ ատոնք սիրո՞յ զգացումներ էին: Չէր ուզէր ալ գիտնալ. չափազանց երջանիկ էր եւ ինքնագոհ: Վահէն ոչ միայն ձանձրացուցիչ չէր, այլ այդ զօրաւոր արտաքինին ներքեւ Քելի գտաւ ազնիւ հոգի մը, փափկանկատ իր իգականութեան եւ երբեք վիրաւորիչ՝ իր անձին հանդէպ: Առանց macho-ի հովեր առնելու, իսկական էրիկ մարդն էր, միշտ պատրաստ՝ զինք իր հովանաւորութեան տակ առնելու: Վահէին ներկայութեան, Քելի տարօրինակ ապահովութեան զգացում մը կ՛ունենար: Այնպիսի ապահովութիւն մը, որ կիներուն համար ներքին պահանջ մըն է եւ որուն կրնան հասնիլ՝ հակառակ իրենց արձանագրած նիւթական յաջողութիններուն եւ ինքնաբաւ ըլլալու յորջորջումին, միայն իրական էրիկ մարդու մը հետ:
Վահէ ալ սկսած էր շատ համակրիլ Քելիին: Քելի իր բացառիկ գրաւչութեան եւ հարուստի շփացած հպարտութեան ներքեւ՝ ունէր հաղորդական սիրտ մը, որ իր ճիշդ հունին մէջ պատրաստ էր սէր եւ գուրգուրանք ժայթքելու: Թէեւ զօրաւոր անհատականութեան տէր, սակայն առանց վիճաբանող ըլլալու եւ առանց իգական բարդութիւններու՝ ամենահաճելի ընկերակիցն էր:
Վահէ չէր ծխեր եւ խմիչք կը գործածէր միայն պատահական, ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին: Քելի ալ նոյնպէս խմիչքը հազուագիւտ կը գործածէր. բայց համալսարանէն մնացած սովորութիւն մը ունէր, օրական քանի մը մարիուանա ծխելու:
Քելի չէր ուզած իր հօր ընկերութեան մէջ աշխատիլ եւ իր անձնական հանրային յարաբերութեանց ընկերութիւնը հիմնած՝ քանի մը պաշտօնեաներով: Այդ օր Քելի իր առաջին մեծ համաձայնագիրը ստորագրած էր, ամերիկեան fortune 500ի պատկանող շատ հանրածանօթ ընկերութիւններէն մէկը ներկայացնելու արեւմտեան երեք նահանգներու նահանգային կառավարութիւններէն ներս: Իսկական մեծ իրագործում մը, քանի մը ամսուայ կեանք ունեցող ընկերութեան մը համար: Անշուշտ հօրը ծանօթութիւնները մեծ դեր խաղացած էին, սակայն Քելիին յամառ հետեւողականութիւնը, շնորհալի անհատականութիւնը եւ գործառնութեան սուր հոտառութիւնը ամէնէն կարեւոր ազդակներն էին՝ համաձայնագիրը իր վերջնական փուլին դնելու ուղղութեամբ:
Քելիին տրամադրութիւնը մինչեւ երկինքներն՝ ու անդին հասած էր:
Հեռաձայնեց Վահէին, զայն հրաւիրելով քաղաքի նշանաւոր ճաշարաններէն մէկը, տօնելու համար շատ լաւ անակնկալ մը: Վահէ երկու կարեւոր հանդիպում ունէր այդ օր եւ քիչ մը ուշ պիտի մնար գործատեղին: Ժամադրուեցան ժամը 7:30ին: Քելի անգամ մը եւս յիշեցուց, որ պատրաստ ըլլայ իր անակնկալին:
Հեռաձայնը փակելէ ետք, Վահէին միտքը սկսաւ զբաղիլ այս անակնկալով: Ինչ կրնար ըլլալ, ինչ տեսակ անակնկալ Քելին ի մտի ունէր: Քելիին ձայնը բաւական յուզումնալից էր: Արդեօք ան յղի՞ էր: Իսկ եթէ էր, այն ատեն ի՞նչ… Պէ՞տք էր ամուսնանալ Քելիին հետ. կամ առաջին ցնցումէն ետք, Քելի պիտի ուզէ՞ր յղիութիւնը շարունակել եւ նորածինի մը գաղափարին հետ հաշտուիլ:
Հայր ըլլլալու հաւանականութիւնը հպարտութեամբ պատեց Վահէին էութիւնը, բայց շատ զբաղած ըլլալուն ուզեց այդ ենթադրութիւնները մէկ կողմ դնել եւ կեդրոնանալ գործին, մանաւանդ որ այդ հանդիպումներէն մէկը շատ կարեւոր էր եւ ինք լաւ պատրաստուած պէտք է ըլլար: Յղութեան ու հայրութեան գաղափարը սակայն, միշտ միտքին մէկ ծայրն էր: Իր երկրորդ հանդիպումէն առաջ, ժամը հինգը քիչ մը անց հեռաձայնեց Քելիին. կ՛ուզէր անպայման գիտնալ… Քելի արդէն գրասենեակը ձգած էր:
Այդ գիշեր, հազիւ իրենց ապահոված սեղանը տեղաւորուած, Քելի սկսաւ ախորժակով պատմել իր ձեռք ձգած յաջողութըան մասին: Թէ ինչպէս կրցած էր այդ համաձայնագիրը ապահովել եւ թէ ինչպէս… յուսախաբութիւն մը նկատելով Վահէին դէմքին, հարցուց թէ սխալ բա՞ն մը կայ: Վահէ սկսաւ խնդալ այնպիսի քրքիջով մը, որ շատ տարօրինակ թուեցաւ Քելիին եւ սկսաւ զայն դիտել պիշ-պիշ, երկա՜ր եւ զարմացական: Հանդարտելէ ետք Վահէ պատմեց, թէ ինչպէս ամբողջ կէսօրէ ետք ինք պարապ երազներ սնուցած էր կարծելով, թէ այդ լաւ անակնկալը կը վերաբերէր իր հայր ըլլալուն: Այս անգամ երկուքով սկսան խնդալ: Երկա՜ր, երկա՜ր խնդացին այնպիսի քրքիջով մը, որ շատ տարօրինակ թուեցաւ քովի սեղանի յաճախորդներուն որոնք պիշ-պիշ եւ զարմացական դիտեցին զիրենք, ապա՝ զիրար:
Երբ խնդուքները մարեցան, հանդարտեցան եւ իրարու նայեցան, Քելիին դէմքը կը խայտար եւ աչքերը ուրախութիւն կը ճառագայթէին: Փաթթուեցաւ Վահէին եւ համբուրեց ամբողջ էութեամբ: Երկա՜ր, երկա՜ր համբուրուեցան: Համբոյր մը, ուր յետին հաշիւներ չկային, այլ՝ համակ անկեղծութիւն: Համբոյր մը, ուր կիրք չկար, այլ՝ համակ սէր: Համբոյր մը, ուր ես չկար, այլ՝ մենք: Համբոյր մը, որ տարօրինակ եւ զարմանալի թուեցաւ շուրջի յաճախորդներուն: Երկու կաթիլ արցունք սահեցան Քելիին աչքերէն. ասոնք կը կոչուէին երջանկութեան արցունքներ: Եւ այս կը կոչուէր սէր:
Ընթրիքէն ետք, երբ տուն կը վերադառնային պատահեցաւ արկածը: Քելիին ինքնաշարժով էին, եւ Վահէ կը վարէր ղեկը, երբ խաչմերուկին, գինով վարորդ մը անտեսելով կարմիր լոյսը, ուժգին հարուածեց դիմացէն եկող ինքնաշարժը, որ իր ուղղութիւնը կորսնցնելով գնաց զարնուեցաւ ելեկտրական սիւնի մը, յետոյ գրեթէ նոյն ուժգնութեամբ եկաւ եւ զարկաւ Քելիին ինքնաշարժին ետեւի ձախ կողմէն:
Վահէ եւ Քէլի բաւական ցնց-ուած էին, բայց ոչ վնասուած: Քելի ցնցումէն կը դողար, իսկ Վահէ գլուխը առջեւի հայելիին զարնելով, ճակատը թեթեւ մը պատռած էր:
Քանի մը վայրկեանէն, երկու հիւանդակառքեր եւ երեք ոստիկանական ինքնաշարժներ հասան արկածին վայրը:
Երբ ոստիկաններէն երկուքը մօտեցան Քելիին ինքնաշարժը ստուգելու համար թէ ոեւէ վիրաւոր կա՞յ, անոնք նշմարեցին բաւական քանակութեամբ մարիուանան եւ քիչ մըն ալ քօքայինը, որ սրճագոյն թուղթէ տոպրակէն թռչելով, փոքր փլասթիքէ խուրձերով տարածուած էր ինքնաշարժին սնտուկին (trunk) լայնքին-երկայնքին եւ նոյնիսկ փողոցի սալայատակին վրայ. հարուածին ուժգնութենէն սն-տուկը կիսով մը բացուած էր:
Վահէ դոյզն տատամսումն իսկ չունեցաւ յայտարարելու, թէ թմրեցուցիչները իրեն կը պատկանէին: Քելի խելագարի պէս կը հեծկլտար: Խորամանկ ոստիկանին կասկածելի հարցումներուն, Վահէ, միջինարեւելքցի հայ էրիկ մարդու տակաւին չխաթարուած առնական հպարտութեամբ, ան-դրդուելի մնաց՝ հաստատելով, թէ Քելի որեւէ առնչութիւն չունի եւ թէ ինք է միակ պատասխանատուն:
Վահէի ճակտին պատռուածքը տեղւոյն վրայ խնամեցին, եւ զինք ձեռնակապերով տարին ոստիկանատուն:
Նոյն գիշեր, Քելիին հայրը քաղաքին լաւագոյն փաստաբաններէն մէկը գործի լծեց: Յաջորդ առտու, Վահէ երաշխաւորագինով (bail) արգելարանէն դուրս էր, եւ դատախազին ու փաստաբանին միջեւ բանակցութիւնները սկսան:
Արկածին օրը կէսօրուան մօտ, Քելի հեռաձայն մը ստացաւ իրեն մարիուանա հայթայթող անձէն, յայտնելով թէ շատ ընտիր եւ թարմ մարիուանա ձեռք անցուցած է: Քելի թելադրեց, որ բաւական մը իրեն համար մէկ կողմ դնէ եւ թէ ինք անպայման այս քանի մը օրուան մէջ կը հանդիպի իրեն: Նոյն կէսօրէ ետք ժամը հինգի մօտ, գործը վերջացնելով եւ քանի որ բաւական ժամանակ կար մինչեւ Վահէին հետ հանդիպումը, Քելի հեռաձայնելէ ետք մատակարարին, ուղղուած էր անոր յարկաբաժինը: Մարիուանային շատ ընտիր տեսակէն տարուելով, քիչ մը մեծ քանակութեամբ գնած եւ իր անմիջական օգնականին ալ անակնկալ մը ընելու համար, քիչ մըն ալ քօքային վերցուցած էր: Եւ անխոհեմաբար, փոխանակ զանոնք անմիջապէս տուն փոխադրելու՝ դրած էր ինքնաշարժին սնտուկը:
Մարիուանային շատ ընտիր տեսակէն ըլլալը եւ քօքայինի լաւ անակնկալը, Վահէին գլխուն պայթեցաւ:
Փաստաբանին փորձառութիւնը եւ բոլոր հնարամտութիւնները ձախողեցան դատախազը համոզելու, որ հարցը վերջանայ պայմանականով (probation) եւ համայնքային ծառայութեամբ (community service): Դատավարութիւնը կրնար աւելի անբաղձալի ըլլալ եւ բանտային երկար վճիռի մը յանգիլ: Կրնար նոյնիսկ թերթերուն պրպտումներուն դուռ բանալ եւ Քելիին ընտանիքին անունը խնդրոյ առարկայ դարձնել:
Փաստաբանին առաջադրանքով, Վահէ չքմեղանք-սակարկութեամբ (plea bargain) ընդունեց վեց ամսուայ վճիռ մը, երեք ամիսէն ներումի (parol) խոստումով:
Ահա այսպէս էր որ ինք, պատուական հօր ու մօր զաւակ, որու ընտանեկան արժէքներն ու ազգային արժանապատւութիւնը անսակարկ սրբութիւններ էին, հասած էր հո՛ս, Քալիֆորնիոյ ոչ վայրագ (non-violent) յանցագործներու նահանգային բանտը:
Քելի առիթ չէր փախցներ Վահէին այցելելու եւ միշտ արտասուաթոր աչքերով զայն կը նմանցնէր ժայռի մը, որ իր խռովկան ու դիւրաբեկ հոգիին միակ վստահելի յենարանն էր: Այն ժայռը, ուր միայն իր յարաբորբոք սէրը կրնար կայք հաստատել, կայծ առնել եւ ուռճանալ:
Բանտին բարձրախօսներէն տակաւին կը լսուէր «Լուռ Գիշեր, Սուրբ Գիշեր» եւ այլ ծննդեան երգեր:
Ու այս երգերը Վահէն տարին տարինե՜ր ետ, դէպի Հալէպ: Իրենք, հազիւ երիտասարդութեան սեմին, որպէս հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող խումբ մը ջանիցականներ, ծննդեան նախորդող գիշերը երեք ինքնաշարժներու մէջ խճողուած, իրենց եկեղեցիին պատկանող ընտանիքներուն կ՛այցելէին, Ս. Ծննդեան աւետիսը տալու նոյն այս երգերով:
Այդ գիշերներէն մէկն էր, երբ ամէն ոք իջաւ ինքնաշարժներէն շէնքի մը աստիճաններէն վեր բարձրանալու, ինք եւ Սիլվան քիչ մըն ալ յամեցան ինքնաշարժին մէջ: Հոն էր, որ իր առաջին համբոյրը դրոշմեց Սիլվային շրթներուն, որուն ազդեցութենէն Սիլվային ամբողջ մարմինը ելեկտրական հոսանքէ բռնուածի պէս, դողալ սկսաւ:
Այս վերջին տասնամեակին, Վահէ անհամար համբոյրներ քաղած էր տարբեր ազգի ու գոյնի, տարբեր համի ու բոյրի շրթունքներ ծծած, բայց առաջին այդ համբոյրը Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասի նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ, իր որոյն յիշատակով ու քաղցրութեամբ ուրիշ էր, կը գերազանցէր բոլորը: Որովհետեւ ան իր առաջին համբոյրն էր եւ Սիլվա՝ իր առաջին սիրոյ հետաքրքրութիւնը: Սիլվա, իր հայկական վայելչագեղ նրբութեամբ եւ ամօթխած իգականութեամբ Վահէին համակրանքը շահած էր: Մէկ տարիէ միասին էին եւ այդպէս ալ կրնային մնալ, եթէ չըլլար Սիլվային հայրը՝ պրն. Հայկը։ Պրն. Հայկ Սիլվային պաշտամունքի առարկան եւ հերոսն էր. իր խօսքն ու բաղձանքը Սիլվային եւ իր մեծ եղբօր համար (հօր թելադրանքով կ՛ուսանէր Երեւանի պետական համալսարանը) անվիճելի օրէնք էր, կարծես երկնային հրաման:
Պրն. Հայկ Սփիւռքի մէջ ծնած առաջին սերունդին կը պատկանէր: Ծնած ու մանկութիւնը անցուցած Հալէպի թիթեղաշէն քեմփերու թշուառութեան մէջ, հայու անվհատ աշխատասիրութեամբ եւ ձեռներէցութեամբ, Հալէպի մակարդակով նախանձելի դիրքի մը հասած էր: Իր ինքնաշարժի նորոգութեան հաստատութիւնը քաղաքին ամէնէն նշանաւորն էր: Կառավարական բարձր պաշտօնեաներ, օտար հիւպատոսներ եւ տեղացի հարուստներ անպայման զինք կը փնտռէին: Իր առատաձեռնութեան եւ ըրած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, երկար տարիներէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետն էր: Շատ գործունեայ էր նաեւ, այսպէս կոչուած «հայաստանասէր», «յառաջդիմական» ճակատէն ներս. այն աստիճան , որ Սովետական դեսպանատան Հալէպի հայ հիւպատոսը յաճախ իրենց տան հիւրն էր: Հակառակ հազիւ նախակրթարանը աւարտած ըլլալուն, հայերէնը բաւական զարգացուցած էր եւ շատ կը սիրէր տպաւորել դիմացինները, «մեծ» բառեր գործածելով, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորն էր «ասպնջական»ը: Այնքան առատօրէն կը գործածէր այդ բառը, որ երիտասարդները Սիլվային բացակայութեան զինք կը կոչէին «պրն. Ասպնջականեան»:
Սակայն պրն. Հայկին ամէնէն խոցելի կողմը իր անզիջողութիւնն էր, որ շատերը խրտչեցուցած էր իրմէ: Ինք անսխալական էր միշտ, եւ իր տեսակէտներէն դուրս ուրիշ կարծիք գոյութիւն չէր կրնար ունենալ: Սուրիան իրեն համար ասպնջական միակ երկիրն էր, ուր Հայաստանէն դուրս հայութիւնը կրնար անխաթար պահել իր գոյութիւնը: Հայաստանի եւ Սուրիոյ հանդէպ տածած իր պաշտամունքի հասնող սէրը, զինք կը մղէր զզուանքով արտայայտուելու այն հայերուն մասին, որոնք Ամերիկա կամ Քանատա փոխադրուելու ծրագիրներ կամ երազներ կը սնուցանէին։
Այսպէս մտածողներուն թիւը Հալէպի մէջ բաւական էր: Ասոնք այն պզտիկ ձուկերն էին, որ Հալէպի ջուրերուն լողալ լաւ վարժուած, տնտեսական եւ ընկերային նախանձելի դիրքի մը հասած էին: Լաւ գիտէին, թէ Հալէպէն դուրս, ուրիշ մեծ քաղաքներու մեծ հոսանքներուն դէմ եւ մեծ ձուկերու ներկայութեան՝ դժուար թէ դիմանային եւ տնտեսական, ազգային թէ ընկերային գետնի վրայ ըլլային աննկատելի անձեր: Իրենց սահմանափակ ուժերուն լաւ գիտակցութիւնն էր, որ զիրենք մղած էր փարելու Հալէպին եւ Հալէպի իրենց հաւատարմութեան տուած՝ մաքուր հայրենասիրութեան երանգ:
Հակառակ ներկայ երիտասարդութեան հանդէպ իր ժխտական կարծիքին, պրն. Հայկ տեսակ մը համակրանք ունէր Վահէին հանդէպ, նախ Վահէին ուշիմութեան, ապա՝ զայն հաւանաբար նկատի ունենալով որպէս ապագայ իր փեսացուն:
Բայց Վահէ նոյն զգացումները չունէր պրն. Հայկին հանդէպ: Հակառակ Սիլվային նկատմամբ ունեցած զօրաւոր համակրանքի զգացումներուն, Սիլվային հայրը իրեն համար ձանձրացուցիչ, սնապարծ եւ յամառ մեծ խոչընդոտն էր, բայց միշտ յարգած էր զինք, որպէս իրենց եկեղեցւոյ կարող եւ գործնական հոգաբարձութեան ատենապետը:
Երբ պրն. Հայկ լսեց, թէ Վահէ դիմած եւ արդէն ընդունուած է Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն մէկը, իր ցնցումն ու խռովքը սահման չունէին: Սիլվային միջոցաւ հրաւիրեց Վահէն ընթրիքի: Վահէ դժկամակութեամբ ընդունեց հրաւէրը, պարզապէս Սիլվան չկարենալ մերժելուն համար:
Ընթրիքի ընթացքին, գրեթէ միակ խօսողը պրն. Հայկն էր: Կոշտ սրտնեղութեամբ մը նախ այպանեց Վահէն, թէ ինչո՞ւ իրեն հետ չէր խորհրդակցած այսպէս կարեւոր որոշումի մը մէջ. թէ ինք Վահէն կը նկատէր երկրորդ զաւակ մը եւ թէ հարկաւոր էր, որ Վահէ խորհրդակցելով հետը, օգտուէր իր փորձարութենէն եւ իմաստութենէն: Բաւական երկար խօսեցաւ Հալէպի եւ Սուրիոյ ընծայած բարիքներուն եւ սուրիացի ժողովուրդին բարեմասնութիւններուն մասին, անշուշտ իր նշանաւոր «ասպնջական»ը գործածելով առատօրէն: Նոյնիսկ Սիլվային մայրը՝ տիկ. Հերմինը, ընթրիքէն ետք, երբ սուրճը կը հրամցնէր, ինք ալ պարտականութիւն զգաց կրկնելու ասպնջական Սուրիոյ բարիքները:
Սիլվա լուռ էր: Երկիւղածութեամբ մտիկ կ՛ընէր հօրը խօսքերը, մերթ ընդ մերթ Վահէն դիտելով, կարենալ կարդալու համար հօր խօսքերուն ազդեցութիւնը Վահէին դէմքին վրայ:
Այս բոլորը Վահէին համար ձախող խեղկատակութեան մը երեւոյթը ունէր՝ հեղձուցիչ մթնոլորտով, բայց որուն կը հանդուրժէր պարզապէս Սիլվային սիրոյն:
Սուրճէն ետք տակաւին պրն. Հայկ շարունակեց. «Խօսած եմ արդէն հայ հիւպատոսին քու մասիդ եւ քու Երեւան համալսարան ընդունուիլդ ապահոված: Հօրդ հետ ալ պիտի խօսիմ այս մասին, որպէսզի հրաժարիս այդ ծրագիրէդ: Շատ բան կը պարտինք այս երկրին. շնորհիւ այս բարեխնամ ժողովուրդին եւ կառավարութեան, մենք ապահովեցինք տնտեսական նախանձելի դիրք եւ ազգային դիմագիծ: Մոռնալ այս ասպնջական երկրին ընծայած բոլոր բարիքները եւ երթալ այդ Ամերիկա կոչուող հրէշային ձուլարանը, պարզապէս ապերախտութիւն է եւ հաւասար՝ ազգադաւութեան»:
Փոթորիկը որ մինչ այդ կը կուտակուէր խիտ, պայթեցաւ շռնդալից, իր հետ տանելով ամէն փափկանկատութիւն: «Ո՞վ իրաւասութիւն տուաւ ձեզի իմ անունովս խօսելու հայ հիւպատոսին հետ եւ որոշումներ առնելու իմ մասիս: Եւ զիս կոչել ազգադա՞ւ,- պոռթկաց Վահէ։ – Ես ծնած եմ այս երկրին մէջ, բայց կրնայի նաեւ ծնիլ որեւէ երկիր՝ Լիբանան, Եգիպտոս, Ֆրանսա կամ Ամերիկա: Բարի ու ազնիւ է Սուրիոյ ժողովուրդը, ինչպէս ամէն երկիրներու ժողովուրդները: Եթէ հայը հոս հասած է տնտեսական լաւ վիճակի, այդ եղած է շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, կորովին եւ ձեռնհասութեան, ինչպէս միւս բոլոր երկիրներու հայերը՝ չըսելու համար մեզմէ աւելի նախանձելի դիրքի: Շնորհիւ այս վարչակարգին, համեմատաբար հանգիստ եւ ապահով ենք։ Բայց ի՞նչ երաշխիք՝ թէ այսպէս պիտի շարունակուի յաջորդ վարչակարգով: Մոռցա՞ք նախկին ամէն վարչակարգի փոփոխութեան հետ հայերուն ապրած մղձաւանջը, գալիք անորոշ օրերու նկատմամբ: Ասպնջականութեան նշա՞ն է հայ վարժարաններուն մէջ օտար պետական տնօրէններ ունենալը: Եւ առասպելի հասած ձեր այս «ասպնջական» քլիշէն, ինծի համար…
Պրն. Հայկին համար այսպիսի սանձարձակ խայտառակութիւն, աներեւակայելի էր: Ինք, որ ամէնուն, նոյնիսկ հոգաբարձութեան քանի մը ոխերիմ հակառակորդներուն յարգանք պարտադրած էր իր անձին հանդէպ, իր ականջներուն չէր հաւատար, թէ Վահէն կրնար այսպէս զինք արհամարհել ու նուաստացնել, այդ ալ իր ընտանիքին առջեւ: Գրեթէ ճաղատ գլուխը ճակնդեղի պէս կարմրած էր, շրթունքները կը դողային, եւ դէմքէն ամբողջ զայրոյթ կը ժայթքէր: Բան մը ըսելու պէս եղաւ, ոտքի ելլելով ցուցամատը ուղղեց դէպի Վահէն եւ միայն «դուն» մը կրցաւ ըսել, ապա արագ ուղղուեցաւ դէպի իր առանձնասենեակը եւ դուռը փակեց հարուածով մը, որուն ազդեցութենէն ճաշարանի պահարանին ապակեղէնները դղրդացին:
Տիկին Հերմին անճրկած էր:
Սիլվան՝ սահմռկած:
Երկուքն ալ տխուր, մեղադրական աչքերով Վահէն կը դիտէին, որուն ուրիշ բան չէր մնացած՝ քան հեռանալ:
Սիլվա ակամայ ընկերակցեցաւ իրեն դէպի սանդուխներուն գլուխը: Հոն պահ մը իրարու աչքերուն նայեցան լուռ, երկա՜ր… Սիլվային աչքերը խոնաւ էին, հոն թախիծ կար, կորսուած սիրոյ մը ափսոսանքը կար, սէր մը, որ կրնար աճիլ եւ ուռճանալ: Վահէ ուզեց բան մը ըսել ամոքելու համար Սիլվան, բայց չկրցաւ: Ամէն ինչ ըսուած, ամէն ինչ խօսուած եւ ամէն ինչ քանդուած էր արդէն:
Վահէ սկսաւ սանդուխներէն դանդաղ վար իջնել, երբ լսեց Սիլվային փղձկախառն ձայնը:
– Գնա՛, գնա՛ այդ փայփայած Ամերիկադ եւ Քալիֆորնիադ, բայց հաւատա՛, թէ անձդ, հոգիդ, իտէալներդ եւ արժէքներդ մէկ առ մէկ պիտի կորսուին… Քալիֆորնիոյ աւազներուն մէջ պիտի աւազախրիս, Վահէ՛, պիտի…
Վահէ արդէն շէնքէն դուրս ելած էր:
Դամասկոսի օդակայանը, իր հօր վերջին խօսքերն էին.
– Վահէ, ո՛ւր որ ալ ըլլաս, ինչ պայմաններու մէջ գտնուիս, կամ ինչ դիրքերու ալ հասնիս, ազգիդ եւ ընտանիքիդ արժանապատւութիւնն ու պատիւը բարձր պահելը քեզի համար նշանաբան թող ըլլայ:
Այս բոլոր տեսարանները շարժապատկերի պէս աչքին առջեւ տողանցելէ ետք, բան մը չընելէ յոգնած, կէս քուն-կէս արթուն վիճակի մէջ, Վահէ երազի պէս բան մը տեսաւ:
Նախ շատ յստակ չէր. ժայռ մը, որուն վրայ աղջիկ մը երկնցած էր եւ ետեւէն գլուխներ կը բարձրանային ու կ՛անհետանային: Քիչ ետք, պատկերը յստակացաւ. ժայռին վրայի աղջիկը Քելին էր: Զմայլելի մազերը հովին տուած, երկու կտոր լողազգեստով, իր ցանկայարոյց մարմինին ամբողջ շքեղութեամբը երկնցած ժայռին վրայ, կը ժպտէր սիրազեղ: Երեք գլուխները կը պատկանէին պրն. Հայկին, Սիլվային եւ Վահէին հօրը, որոնք Քելիին ետեւէն գլուխնին բարձրացնելով, բաներ մը ըսել կ՛ուզէին եւ կ՛անհետանային, վերստին երեւնալու համար: Քիչ ետք, ձայնն ալ յստակացաւ: Պրն. Հայկը իր «ասպնջական»ով, Սիլվան իր «պիտի աւազախրիս»ով եւ Վահէին հայրը իր «ազգիդ եւ ընտանիքիդ արժանապատւութիւնը» պոռալով, «եօ-եօ»ի պէս կ՛ելլէին ու կ՛իջնէին:
Առաջին կորսուողը եղաւ «ասպնջական»ը: «Պիտի աւազախրիս»ը, քիչ մըն աւելի դիմանալէ ետք, ան ալ գնաց նոյն ճակատագրին: Վահէին հայրը բաւական տոկաց: Թէեւ երեւումները սկսան դանդաղիլ, սակայն մերթ ընդ մերթ տակաւին գլուխը ցոյց կու տան, ի վերջոյ վերջնականապէս կորսուելու պաստառէն:
Եւ մնաց Քելին, միայն Քելին, ճաճանչագեղ, շքեղապանծ Քելին, որ կը ժպտէ՜ր առինքնող, կը ժպտէ՜ր դիւթիչ:
Բանտին բարձրախօսները տակաւին կ՛երգէին «Լուռ Գիշեր, Սուրբ Գիշեր»…
Յունուար 2003
———————————————————————-
Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը
Թող Ձեր Բոլորին
Նոր Ցնծութիւններ
Պարգեւեն Եւ Սիրով
Լեցնեն Հոգիները Ձեր
————————————————————–
Նոր Տարուան
Եւ
Ս. Ծննդեան Առիթով
Լաւագոյնը
Կը Մաղթեն
Հայ Ժողովուրդին
Սարօ Եւ Այտա
Գօթոյեան
Քրիս Եւ Սարին
———————————————————
ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» Կոմիտէութիւն
ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄ «Շան»չ Մասնաճիւղ
Համազայինի Քրեսենթա Հովիտի Մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Գարեին Նժդեհ» Պատանեկան Միութիւն
ՀԵԴ «Զարթօնք» Ուխտ
Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան
Քրեսենթա Հովիտի Մասնաճիւղ
Կը Շնորհաւորենք Շրջանի
Ընկեր-Ընկերուհիները եւ Համայն Հայութիւնը
Մաղթելով Նորանոր Նուաճումներ 2015ին
—————————————————————————–
Վասպուրականի Հայրենակցական Միութիւն
Կը Մաղթենք Որ Քալիֆորնիահայութիւնը
Նոր Տարին Դիմաւորէ Միասնականութեամբ, Համախոհութեամբ Եւ Հանդուրժողութեամբ
————————————————————————
THRIFTY ROOTER
323-462-3511– 818-559-1018
ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՆՔ ՁԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ ՄԱՂԹԵԼՈՎ
ԼԱՒԱԳՈՈՅՆ ՕՐԵՐ
ՅԱՐՈՒԹ ՔՈՒԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ
—————————————————————
Հայկուշ Քեղինեան- Քոհլըր
Ի յիշատակ իր ծնողներուն Պետրոս եւ Մանուշակ Քեղինեաններուն