Տերեւ մը քեզմէ, հիմա ինկաւ ցած…
Ծառ, դալար վարսերդ կողերուդ փռած
Գարնան կը պարզէիր ճիւղերդ սիգաճեմ
Անողոք աշնան, դարձար ալեհեր
ճմլուող սիրտդ հողմահար, չճչա՞ց ցաւէն.
Տերեւներդ անձայն հեզիկ խշշոցով
Ողբացին ծաղիկներն իրենց
Երբ վերջին տերեւդ գլխիկոր կ՛իջնէր
Սիրտդ, լացը հողին մէջ խեղդած
Չպայթեցա՞ւ տենդէն
Ծառ, կո՞ճղ ես հիմա,
Փա՞յտ, թէ ծլարձակ, ծիծեռնաբոյն նոր հուն.
հողին վրա՞յ, թէ՛ հողին մէջ
Ունի՞ս տակաւին անխօս ճիչ գաղտնի
Նոր խօսք ու հնչիւն նման պտուղի
Թէ վար իջնող տերեւիդ հետ վերջին
Թաղուեցան բոլոր կեանքի խշշիւններդ
Հեծիւններդ խոր, ճիչերդ թաքուն…
Ծա՛ռ, կուրծքիդ մէջ դող, կարօտ
Աշնան մէջ անգամ, կը գգուես սիրով
Որ կառչի արեւը, հողիդ.
Ձմրան մէջ այս խստաշունչ
Եղիր աշխարհին տօնածառ բարի:
2-Կը Հասկնանք Զիրար
Ես ջուրին մէջ եմ
Թռչունը կ՛ուզէ՛ լողալ.
Ան օդին մէջ է
Ես կ՛ուզեմ թռչիլ.
Թեւաւորը իր փարթամ ծառ տունէն ուղղուեցաւ
Երկնային անտես ճամբայ,
Ուր դռներ կը բացուին
Անհասկնալի.
Ես եւ ան կը հասկնանք զիրար…
Արեւը
Հպում
-Դաշտի սէ՛զ կը չոռնաս թարթափ մը,
Պահիկ մը ետք.
-Սփռուած բաղէ՛ղ, կը կքիս շուտով, փառքէդ մերկացած
-Ծա՛ռ, զոհողութեան տաք երակներէդ՝
Արեւով խմորուած,
Նոր գարուններ կու գան կառչած սուրբ հողիդ
Ու շիւեր կանաչ, ցօղով արցունքիդ
Դուրս ցցուած, խոստումներ հագած
Կը զօրանան փայլքով ոսկեհուր.
Թռչուններ երկնքի, թռչուններ վտարանդի,
Բոյն կը դնեն սաղարթներուդ մրգաշատ
Փարթամ, խիտ:
Կանաչներ՝
-Արեւ հպիր մեզի, որ պտուղ տանք
Չդառնանք լոկ հողաբոյր
Թզենի չորցած:
Կտաւ
Ասեղնագործեց ծովը թաւշեայ իր մայրամուտը
Պտոյտն արեւին ուրուագծեց խաղադաշտն հսկայ
Ու ամպերուն վրայ նստողը
Ծովուն շնչառութիւնը արձանագրեց
Մերթ՝ բարձրացող, մերթ՝ յուշիկ…
Փռեց հովիտներուն եւ լեռներուն վրայ
Ցնծութեամբ պայթող ծառերը իբրեւ ծնծղայ,
Անհունին սահման՝ վտակներ գետեր
Սահմանապահներ.
Իսկ մեր երկուքին՝ փշալարեր
Տօնական
Պատառ մը աննիւթական սէր
Շերտ մը ցնծութիւն թեթեւ երկինքէն
Երազ մը խունկէ քուլայի մէջ պատուած
Անմահութիւն է
Աստղազարդ երկինքը տօնական իմ տունս կ՛ըլլայ
Ու ես աստղ մը անոր մէջ…
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
—————————————————–
Տէր եւ Տիկ.
Միքայէլ եւ Սալբի
Հացպանեան
Կը Շնորհաւորեն Իրենց Ազգականներուն,
Բարեկամներուն
եւ Ընկերներուն
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Թող Այս Նոր Տարին Բերէ
Շատ Բարիք՝
Համայն Աշխարհի
Մարդոց Անխտիր