ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
13 տարու իր հասակին, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հօրեղբայրս, Լիբանանի լաւագոյն մասնագէտն էր Ս. Ծննդեան քարայրաշինութեան: Ֆրանսացի «Քափուչին Ուխտ»ի կղերները, ամէն տարի իրեն կը վստահէին Պապ-Իտրիսի մայր եկեղեցւոյ մէջ հսկայ մսուրի կառուցումը, որուն արձանները գրեթէ մարդու հասակ ունէին: Հօրեղբայրս իր տարերքին մէջ էր, երբ այդպիսի զանգուածային գործի մը կը ձեռնարկէր: Անիկա համբաւաւոր դարձեր էր ու անունը բերնէ բերան կը տարածուէր: Տըպպաս հրապարակին վրայ գտնուող մարոնիներու եկեղեցւոյ մսուրին կառուցումն ալ իրեն վստահուեցաւ: Եւ իր հնարամտութիւնն ու շնորհը գործի դնելով, Միջին Արեւելքի առաջին շարժուն մսուրը իր ձեռակերտը դարձաւ, գաղթական հայո՛ւ ձեռակերտը…
Կէս գիշերէն առաջ, ամբողջ գերդաստանը հետիոտն, եկեղեցիի ճամբան կը բռնէր: Պապ Իտրիսի քափուչիններու մատուռը կ՛ուղղուէինք՝ հօրեղբօրս կառուցած մսուրը վայելելու: Այդ տարիներուն հայկական եկեղեցիներու մէջ, գիշերային Ս. պատարագ տեղի չէր ունենար: Հայկական ծէսի հետեւողութեամբ, Դեկտեմբեր 24ի երեկոյեան տեղի կ՛ունենային Ս. Ծննդեան պատարագն ու միւս արարողութիւնները: Պէտք է ըսել, որ լատինական պատարագն ալ իր գրաւչութիւնը ունէր: Ֆրանսական ծագումով լատին քահանաները իրենց արագ շարժումներով պատարագը զօրահանդէսի վերածած էին: Ո՞ւր էր արեւելեան ծէսին դանդաղ ու օրօրուն ռիթմը: Ո՞ւր էին հոգեպարար մեր արարողութիւնն ու շարականները: Երաժշտագէտ Պօղոս Ճելալեան քափուչիններուն օրկանիստն էր: Գեղարուեստական վայելք էր երիտասարդ Ճելալեանի կատարողութեամբ լատիներէն շարականներ լսելը: Սակայն հակառակ գեղեցիկ երգեցողութեան ու նուագին, կէս գիշերին, եկեղեցին կը ցրտէր: Մեր կարճ տաբատներու մէջ ու յաճախ թաց կօշիկներով կը սարսռայինք պատարագի տեւողութեան: Դողը մեր ողնասիւնէն իջնելով կը տարածուէր ամբողջ մարմինով մէկ: Միջերկրականեան ձմեռուան ցուրտը, Ս. Ծննդեան գիշերը, առանց վերարկուի ստիպուած էինք դիմակալել: Պատարագի աւարտին հօրեղբօրս տունը կը վերադառնայինք: Անուշեղէնով ու միրգերով սեղան կը դրուէր: Տարեցները «Եօթ ու կէս» կը խաղային: Իսկ երգն ու նուագը կը շարունակուէր ներկայ երիտասարդներուն կողմէ, որոնց շարքին՝ Ճելալեանը: Երկուորեակ եղբայրս ու ես այդ միջոցին վրէժ կը լուծէինք մեր զարմիկին նոր խաղալիքներէն ու անտէր Կաղանդ պապայէն: Քիչ ետք, տան յատակը քուրջի մը վրայ, անմեղ քունի մատչելու համար:
Կաղանդի յիշատակներուս ամենացաւալի էջը պիտի մնայ Կաղանդ պապային խորհրդաւոր ու կախարդական շղարշը վար առնելու արարքս: Անոր կողմնակալ ու խարդախ էութիւնը վաղուց ինծի կասկածիլ տուած էր միջմոլորակային ճամբորդութիւններուն ու գերբնական իր էութեան վրայ: Եթէ երբեք բարութիւնը, հնազանդութիւնն ու աշխատասիրութիւնը պիտի վարձատրուէին, մենք երեք եղբայր, նուէր ստացողներէն նուազ ճիգ չէինք թափած այդ առաքինութիւնները պահպանելու: Միայն սա Կաղանդ պապա կոչեցեալին աչքին տեղ չունէինք: Չէ՛, կեղծ բան մը կար այդ մարդու նկարագիրին ու էութէան մէջ:
Տակաւին, երբ Կաղանդ պապայի գոյութեան հաւատացողի տարիքին էինք, մանուկի մեր կոպերը հազիւ ծանրանային, մեզ անկողին կը դնէին, կէս գիշերին, Կաղանդ պապային ժամանումէն քիչ առաջ արթնցնելու համար: Բախտորոշ այդ տարին, քունս չտարաւ եւ դրան լուսաւոր բացուածքէն, ականատեսը պիտի դառնայի բեմադրուած կեղծիքին… Գաղտնիքը ես ինծի պահեցի մինչեւ Կաղանդ պապային նշանաւոր «դուռ թակելը»: Դարձեալ ձայն չհանեցի: Սակայն, երբ Կաղանդ պապային նախորդ տարիներու խայտառակ ու կողմնակալ պահուածքը կրկնուեցաւ, բացի տուի ամէն բան: Հօրս ապտակը ուշ հասաւ, արդէն քանդեր էի Կաղանդ պապային առասպելը:
Ա՛յդ գալը եղաւ…
Յետոյ մեծնալով, մենք ալ մեր կարգին, նոյն բեմադրութիւնը սարքեցինք մեր զաւակներուն գլխուն: Ներկայիս, հեռատեսիլի պաստառը կամ ալ համակարգիչը, կանուխէն կը լլկեն մանուկներուն անմեղութիւնը: Երբ սկաուտական շարժումին միացանք, Ս. Ծննդեան գիշերը մեր խմբակիցներուն հետ սկսանք անցընելու: Նոյն աղքատ Ղազարոս հաւաքոյթները: Մարդիկը միայն փոխուած էին:
Փոխարէնը, Ս. Զատիկը բոլորովին տարբեր գրաւչութիւն, ծիսական ճոխութիւն ունէր: Կլիման ալ յարաբերաբար աւելի հաճելի կը դառնար: Քառասուն օրերու վրայ երկարող ծոմապահութիւնը Մեծ Պահքի, մեզի համար այնքա՛ն հեշտ էր պահել, քանի որ ամբողջ մեր գոյութիւնը ծոմապահութեամբ անցած էր: Հազուադէպօրէն մեր տան սեմէն ներս կաթնեղէն ու մսեղէն կը մտնէր: Հաւկիթը՝ Զատիկէ Զատիկ կը համտեսէինք, անշուշտ չհաշուած տեղացի արաբներուն հաւերուն տակէն մեր կորզածները:
Այո, ինչո՞ւ չէ, Մեծ Պահքը տանելի էր, եթէ չըլլային վերջին քսաչորս ժամերը, երբ ամէն տան յարկէն ներս պատրաստուող բուրումնաւէտ գաթաները եւ սոխի կեղեւով պճնուած հաւկիթները քեզ չդրդէին… բերանիդ ջուրերը վազեցնելով: Խօսքս գաղթականական առաջին շրջանին չի վերաբերիր: Տօնական այդ օրերուն, կրօնական արարողութիւնները մեր երեկոները լեցնող միակ զբաղմունքը կը կազմէին: Յետոյ, հեւալով, ի վերջոյ կը հասնէր Աւագ Հինգշաբթին, երբ Էշրեֆիէյի հայ կաթողիկէ ժողովուրդապետը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը կ՛այցելէր, «Ոտնլուայ»ի արարողութեան համար այդ տարուան թեկնածուները ընտրելու: Օրուան պատարագիչ եպիսկոպոսը կամ կաթողիկոս պատրիարքը խոնարհութեամբ պարուրուած սիմպոլիզմով, 12-14 տարու պատանիներու ոտքերը կը լուար ու կը պագնէր, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսի օրինակով:
Մեր ընտանիքի անդամներէն ցարդ ոչ ոք արժանացած էր այդպիսի ուշադրութեան: Եթէ բարեպաշտութիւնն էր նախապայմանը, տարուան բոլոր հինգշաբթիները պէտք էր մեզ Ոտնլուայի բովէն անցընէին: Այստեղ ալ Կաղանդի գիշերուան նման բարիները դժբախտաբար երգ չունէին: Սակայն մարդու պէս ոտնաման չունեցող մանուկին ոտքը ո՞վ պիտի համբուրէր:
«Մեծնաք նէ այս բաները կը հասկնաք». կը կրկնէր փիլիսոփայ մայրս…
Օրուան ժողովուրդապետը, տխուր դեր ունեցաւ նաեւ ուսումս կիսատ թողնելուս մէջ: Եթէ չըլլար ֆրանսացի ժեզուիթ վարդապետներու եւ Գթութեան քոյրերու բարեսրտութիւնը, նոյնիսկ տասնամեայ ուսումէն պիտի զրկուէինք: Հոգեւոր մեր հովիւները, իրենց հաշիւները ունէին ու խուլ ականջ կը ձեւանային ցաւի մեր ճիչերուն եւ աղերսանքին հանդէպ: Նոր Տարիէն միայն հօրս համբոյրը կը յիշեմ: Ուսուցչութիւն ըրած չոր ու ցամաք մարդ էր հայրս: Անոր չորութեան եւ զգացումները արտայայտելու դժուարութեան ակնարկելով՝ «ճիշդ մօրը տղան է…», կը կրկնէր մայրս, խստատեսիլ իր կեսրոջը նմանցնելով լռակեաց ամուսինը: Այդ մարդուն մէջ թէ՛ գերզգայուն արուեստագէտը, լուսանկարիչ ու երաժշտագէտը գոյութիւն ունէր, թէ՛ անսիրտ կոչուելու չափ զաւակներուն վրայ խիստ «տիսիփլին» բանեցնողը: Երկու հակոտնեայ անձնաւորութիւններ՝ նոյն անհատին մէջ ծուարած:
Միւս կողմէ, այդ «տիսիփլին»ը ինքն իր անձին վրայ ալ կը բանեցնէր: Որպէսզի զաւակները ուսումէ չզրկէր, լուսանկարչութեան կողքին, մինչեւ ուշ գիշեր, Համրայի մէջ, ֆրանսացի սպաներուն համար ջութակ կը նուագէր: Հայրս ուսման կը հաւատար: Միչդեռ պատերազմական այդ օրերուն, վիճակով մեզմէ լաւ եղողները իրենց զաւակները կանուխէն արհեստի կը ղրկէին: Հայրերը, իրենց օրապահիկը յաճախ խմիչքի վրայ կը մսխէին, ապա գինով-գինով տուն դարձին, անչափահա՛ս, կիսամե՛րկ իրենց մանչերուն պումպուլիկը կը համբուրէին: Ասոր հետ մէկտեղ, հօրս չորութիւնը դեռ կը խոցէր մեր սիրտերը: Մոռնանք պումպուլ համբուրելները, գոնէ օր մը մեր գլուխը շոյէր, այտերը կսմրթէր կամ ալ՝ քաջալերական խօսք մը ըսէր:
Եկեղեցիներու զանգերը, նաւերու սուլոցը ուրախօրէն Նոր Տարուան գալուստը կ՛աւետէին: Այդ օրերու իշխանութիւնները թոյլ չէին տար ատրճանակներու գոռոցը: Դարձեալ մեր հօրեղբօր տունը հաւաքուած կ՛ըլլայինք: Գերդաստանին երէցը՝ հօրենական մեծ մայրս, մեր տոհմապետն ու Մարաշի Եէնիճէ Գալեցիներու անթագ թագուհին, հոն կը բնակէր: Անոր շաղած «չիյ քէօֆթէն» Օսմանեան կայսրութեան մէջ հռչակ շահած էր եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած անտիպ վէպիս հետեւողութեամբ, Ճեմալ Փաշան, Երուսաղէմի մէջ կ՛այցելէ յատուկ այն որբանոցը, ուր մեծ մայրս Մարաշի ձեռագործ կը սորվեցնէր որբուհիներուն, որպէսզի անոր շաղած «չիյ քէօֆթէ»ն համտեսէր թուրք զօրավարը, մեծատոհմ խանումներէն լսած ըլլալով անոր հռչակը: Այդ օրերու մեր բնակարանը, ոչ մէկ յարմարութիւն ունէր նման երեկոներու կայացման: Կէս գիշերուան քանի մը վարկեան մնացած լոյսերը կը մարէին, մինչեւ որ ձայնասփիւռի մեծղի տուփը աւետէր Նոր Տարին, որ իբր թէ նոր յոյս, նոր լոյս ու աւելի տանելի օրեր պիտի պարգեւէր տառապող մարդկութեան: Կը սկսէր համբոյրներու տարափը: Մեզի համար մեծագոյն պարգեւը այդ օր, հօրս համբոյրն էր, որուն 365 օր համբերութեամբ կը սպասէինք: Նուէրները արդէն Ս. Ծննդեան գիշերը բաժնած կ՛ըլլային: Նոր Տարուան միւս անակնկալը հնդկահաւն էր, որ տարբեր համ ու հոտ ունէր այդ օրերուն: Իբր թէ մեր բախտերը փորձելու համար, մեծ ու պզտիկ «Թոմպոլա» կը խաղայինք: Սպիտակ լուպիայի հատիկներով ծածկելով խաւաքարտին վրայ դրոշմուած թուանշանները: Զրկանքներով լեցուն մեր կեանքը նուազագոյնով իսկ կը խանդավառուէր:
Տարիներու ընթացքին, տօնական օրերը, բարեկեցութիւն ձեռք բերելու մեր ճիգերուն ու ձգտումին զուգահեռ, մեծ-մեծ հոգերու կուտակումով, կորսնցուցին անցեալի իրենց հմայքը: Թերեւս տարիքն ու մաշումը որոշ դեր ունեցան տօնական անաղարտ ոգիին անհետացման մէջ:
Երբ Ս. Ծնունդը, Նոր Տարին ու Զատիկը մօտենան, այնքան կը փափաքիմ անգամ մը եւս մանկանալ…
—————————————————————-
Shenk Developers
210 N Central Ave.
Suite 225
Glendale, CA 91203
Կը Շնորհաւորենք Համայն Հայութեան
Նոր Տարին եւ կը Մաղթենք Բոլոր Իղձերու Իրականացում
——————————————————————-
Պետրոս Պանտազեան եւ իր անձնակազմը
լաւագոյն մաղթանքներով կը շնորհաւորեն
իրենց յարգոյ յաճախորդներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը