Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Միքայէլ Սագայեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2014ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Յունուար 5, 2015, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Սարգիս եւ Սօնիա Սագայեան եւ դուստրը՝ Մարալ
Ժանօ եւ Սօսիկ Սագայեան եւ դուստրը՝ Մարիամ
Էլի եւ Մարիա Սագայեան եւ զաւակները՝ Անթընի եւ Նիքոլ
Արտօ եւ Սեւան Սագայեան եւ դուստրը՝ Նաթալի
Դուստրերը՝ Մարօ Մալաքեան եւ դուստրը՝ Դալար
Ժագլին եւ Համբիկ Նալեան եւ զաւակները՝ Սագօ, վարդուկ եւ Տայանա
Թոռները՝ Վիքի եւ Սագօ Աշճեան
Անուշ եւ Վահէ Կարապետեան եւ զաւակները՝ Դրօ եւ Արի
Քոյրը՝ Անահիս Քերքութեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եղբօր կինը՝ Մարիամ Սագայեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եւ համայն Սագայեան, Մասոյեան, Տէքմէզեան, Ղըրայէպ, Կարպուշեան, Քերքութեան, Մալաքեան, Սերոբ, Շաքարեան, Տաուտ, Նալեան, Կարապետեան, Չէքմէյեան, Կորեկեան, Թուլումեան ընտանիքներն ու հարազատները։
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Փասատինայի Raffis Catering ճաշարանին մէջ, 3887 E. Sierra Madre Blvd., Pasadena, CA 91107։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.