
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի խորհրդական Էթիէն Մահճուպեան անդրադարձած է 2015ին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ ակնկալուող հաւանական զարգացումներուն:
Մահճուպեան ըսած է, որ 2015ին երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ պէտք չէ ակնկալել, աւելցնելով, թէ նման փոփոխութիւններ միայն աւելի ուշ կրնան հաւանական դառնալ:
Հայ խորհրդականը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն համարած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը:
Մահճուպեան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ 2015ին կրնան առնուիլ առաւելապէս խորհրդանշական քայլեր, որոնք կրնան նպաստել յարաբերութիւններ հաստատելու՝ զգացական մակարդակի վրայ: Սակայն կը կարծեմ, որ քաղաքական եւ պատմական հարցերը պիտի ձգուին յաջորդող տարիներուն: Այդ ժամանակ հարցերը աւելի դիւրին կրնան լուծուիլ»:
Ըստ անոր՝ Ռուսիա եւս կրնայ նպաստել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման:
Այս լուրը հաղորդած թրքական «Կազեթեճիլեր» թերթը իր կողմէ աւելցուցած է, որ Մահճուպեանի այս խօսքերը կրնան հայերը զայրացնել: