
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախաշեմին, Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբերի առաւօտեան Թեհրանի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Հիւրերու շարքին էին Իրանի մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան մշակութային հարցերով տեղակալ դոկտ. Սալեհի, նոյն նախարարութենէն Սայիդ Թաղաւի, դոկտ. Ֆերէյդունի, մշակութային աշխատանքներու եւ համայնքներու գլխաւոր տնօրէն Ալիփուր եւ յարակից բաժիններու պատասխանատուներ:
Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրերուն դիմաւորեցին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ՝ դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Ռոբերտ Բէգլարեան, ԹՀԹ Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները:
Հանդիպման սկիզբին արտայայտուեցաւ դոկտ. Սալեհի, որ շնորհաւորեց Ամանորը եւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդն ու Մկրտութիւնը:
Հիւրերուն ողջոյնի խօսք ըսաւ թեմակալ առաջնորդը, կարեւորեց Իրանի մէջ քրիստոնեաներու, ի մասնաւորի հայ եւ իսլամ հայրենակիցներու խաղաղ գոյակցութիւնը, եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ այն մասին, որ Իրանի պետական այրերը իրանահայերու նկատմամբ միշտ կը դրսեւորէն բարեացակամ մօտեցում, որուն արդիւնքով միշտ նշած ենք մեր ազգային ու կրօնական միջոցառումները, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ամեակները եւ աւելցուց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, անհրաժեշտ է դատապարտել աշխարհով մէկ իրագործուող բոլոր ցեղասպանութիւնները: