– Թրքական «Հապեր 7» տեղեկատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա պաշտօնապէս պիտի դիմէ Ամերիկային, Ֆեթուլլահ Կիւլենը արտայանձնելու խնդրանքով։ Պոլսոյ մէկ դատարանը Դեկտեմբեր 29ին առաջին քայլը առած էր պաշտօնապէս Ամերիկայէն պահանջելու՝ Կիւլենը ձերբակալելու մասին Անգարայի արձակած վճիռը գործադրելու գծով։ Անգարա արդէն իսկ չեղեալ հռչակած է Կիւլենի Թուրքիոյ քաղաքացիութեան անձնագիրը։
– Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը իր 2014ի «Ամենալաւ եւ ամենավատ իրադարձութիւններ» զեկոյցին մէջ Թուրքիան ներառած է այն երկրներու շարքին մէջ, ուր մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման ամենավատ դէպքերը արձանագրուած են: Մասնաւորապէս քննադատուած են համացանցը գրաքննութեան ենթարկելու թրքական իշխանութիւններու փորձերը: «Լուրջ հարուած հասցուած է համացանցային հաղորդակցութեան միջոցներուն, որ մամուլին դիմագրաւած անազատ պայմաններուն մէջ դարձած էր ազատ արտայայտուելու հարթակ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար», նշուած է զեկոյցին մէջ:
– Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մեշաալ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Քոնիայի նահանգային ընդհանուր ժողովի պատուոյ հիւրը եղած է եւ ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Ժողովրդավար, կայուն եւ զարգացած Թուրքիա մը բոլոր իսլամները կը զօրացնէ։ Յոյսով ենք, որ պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը»:
– Ատրպէյճանի մէջ ամենաբարձր վարձատրութիւնը կը ստանան քարիւղի մարզի աշխատաւորները, որոնց միջին աշխատավարձը 1756 մանաթ է (շուրջ 2200 տոլար): Սակայն այդ հատուածին մէջ կ՛աշխատին միայն 50 հազար հոգի եւ յառաջիկայ ամիսներուն աշխատատեղիներու կրճատում կ՛ականկալուի: Այլ մարզերու աշխատաւորները կ՛ապահովեն միջին հաշուով 408 մանաթ (523 տոլար):
– Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Տաճիկիստանէն մեծ թիւով աշխատանքային գաղթականներ հեռացած են Ռուսիայէն,
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.