ՈՒԱՇԻԿՆԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեֆ Ռաթքէ, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի գրասենեակին փակումը՝ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն Պաքուի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ յարգելու մարդկային իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ՝ մամլոյ ազատութիւնը:
«Մտահոգ ենք քաղաքացիական հասարակութեան վրայ Ատրպէյճանի կառավարութեան յարձակումներով։ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին պաշտօնեաներուն հարցաքննութիւնները ինչպէս նաեւ փաստաբաններուն այդ հարցաքննութեանց ներկայ ըլլալը մերժելը՝ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն», յայտարարած է ան:
Եւրոխորհուրդը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, «Ազատութեան» գրասենեակի փակումին գծով Ատրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան իրավիճակին վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնեց: «Եւրոխորհուրդը այդ գործողութիւններուն վերաբերեալ բացատրութիւն պիտի պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.