ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս տարուան տօնական օրերուն, ՀՕՄի տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերու նախաձեռնութեամբ կարիքաւոր եւ անտունի քաղաքացիներու ուտեստեղէն մատուցելու ծրագիրներ իրականացուած են։
Նոյեմբեր 26ին, ՀՕՄի Օրենճ Քաունթիի «Սեւան» մասնաճիւղը Գոհաբանութեան տօնին առիթով ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր բարեգործական «Սելվէյշըն Արմի» («Փրկութեան բանակ») Օրենճ Քաունթիի կեդրոնին մէջ, շրջանին կարիքաւորներուն համար։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին, ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի անդամներ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջառահեան միասնաբար հովանաւորած են Ս. Ծնունդի առիթով ընթրիք մը, Հոլիվուտի «Սելվէյշըն Արմի»ի կեդրոնին մէջ, ճաշ մատուցելով 120 անտունիներու։ Ճաշի մատուցման օժանդակած են նաեւ ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի անդամներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Անտուն նշանակում է = homeless, եթէ դա է գրողի միտքը: Անտունիներ բոլորովին այդ միտքը չէ: Իսկ յոգնակին կը լինի Անտուններ: