ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 21ին տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը: Հանդիսութիւնը կը վայելէր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։
Հանդէսը տեղի ունեցաւ Ս. պատարագէն ետք, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ծխական շրջանի երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայայուցիչներ, ծնողներ եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող բարեկամներ։
Յայտնենք, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50ամեակը, եւ այս առիթով հանդիսութեան հրաւիրուած էին վերջին 18 տարիներու շրջանաւարտները։
Յայտագիրի բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի մաղթերգով։ Հանդիսավար Զապէլ Կիրակոսեան հրաւիրեց տէր հայրը, որ պաշտօնական բացումը կատարէ Տէրունական աղօթքով։ Ապա, հանդիսավարը փոխանցեց բարի գալուստի խօսքը եւ հերթաբար բեմ հրաւիրեց աշակերտները, որ ներկայացնեն իրենց բաժինները։
Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտները հանդէս եկան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի արտասանութիւններով եւ երգերով, իսկ Գ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Յիսուսի մկրտութիւնը» գործը: Ապա, Դ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն դրուագ մը, իսկ յայտագիրին աշակերտական բաժինը փակուեցաւ «Լուռ Գիշեր» եւ «Աւետիս, Աւետիս» խմբային երգերով։
Կրեկ Մարթայեան փոխանցեց հոգաբարձութեան խօսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, մանաւանդ վերջին 18 տարիներուն ընթացքին, եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայ աշխատանքներուն։
Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհին՝ Սեդա Քէչէճեան եւս փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ իր ներկայութեան եւ տարիներու հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն եւ ներկաներուն՝ իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութեան համար։ Տեսչուհի Քէչէճեան նաեւ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի յիսնամեակին եւ ողջունեց այս առիթով հրաւիրուած 18 տարիներու շրջանաւարտները։
Խօսքը ուղղելով չորս նոր շրջանաւարտներուն, տեսչուհին մաղթեց, որ անոնք իրենց կեանքին ընթացքին պահեն Կիրակնօրեայի ուխտը, ծառայելով եկեղեցւոյ եւ ազգին։ Ապա, շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը ու բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ փոխանցէ վկայականները եւ ապա իր օրհնութեան խօսքը։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց կատարուած հանդիսութիւնը, յատկապէս Կիրակնօրեայի աշակերտները, ուսուցիչները եւ մանաւանդ ծնողներն ու քաջալերող ժողովուրդի զաւակները:
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սիրոյ, խաղաղութեան, հաճութեան եւ մանաւանդ Աստուածային փառաբանութեան խորհուրդով լի խօսքերով, առաջնորդ սրբազանը կանխաւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայի 50ամեակը, եւ յատկապէս տեսչուհին եւ ուսուցչուհիները՝ շեշտելով, որ Ս. Ծննդեան եւ միւս տօներուն պատգամը փոքր տարիքէն մեր Կիրակնօրեան կը փոխանցէ աշակերտներուն:
Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամէն ետք, Կիրակնօրեայ վարժարանի ծնողաօժանդակ յանձնախումբը գնահատանքի նուէրներ յանձնեց տեսչուհիին ու ուսուցչական կազմին։
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.