ԻԿԸԼ ՌԱՔ.- «Տարեցներու Տարի»ին առթիւ, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պատանեաց խմբակի անդամները, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, այցելեցին Իկըլ Ռաքի «Արարատ Տուն» հաստատութիւնը, ուր պատսպարեալ հայ տարեցներուն համար իրագործուեցաւ տօնական մթնոլորտով գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Պատանեաց խմբակի իւրայատուկ այս այցելութեան առիթով իրենց միացած էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Ազգային վարչութեան անդամ Թերեզ Քէմանճեան, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Օհանեան եւ տիկնանց միութեան ատենապետուհի Մարօ Մուճուքեան ու անդամ Թալին Փանոսեան։
Պատանեացի անդամները հոգեւոր հովիւին հետ նախ այցելեցին հիւանդանոցի բաժինի տարեցներուն սենեակները, անոնց հետ զրոյցներ ունենալով աղօթեցին միասնաբար եւ լսեցին անոնց խնդակցութիւնները։
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ տարեցներուն բաշխուեցան յատուկ աղօթագիրքեր եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պարբերաթերթեր։
Այցելութեան երկրորդ բաժինով, պատանեացի պատասխանատու երէցկին Նազիկ Պալթայեանի ղեկավարութեամբ, հաստատութեան սրահէն ներս պատանիները ներկայայուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Բացման աղօթքը կատարեց հոգեւոր հովիւը։ Ան անդրադարձաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «Տարեցներու Տարի»ի պատգամին, ապա բարեմաղթութիւններ ըրաւ բոլոր տարեցներուն։
Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Ս. Ծննդեան տօնի շարականներ, հոգեւոր երգեր, սաղմոսներ, ասմունքներ, ազգային երգեր ու երաժշտական հատուածներու նուագներ՝ ջութակի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։
Աւարտին, մթնոլորտը աւելիով ճոխացաւ, երբ պատանիները պարեցին հայկական շուրջպար մը։ Երեք պատանիներ սրտաբուխ խօսքեր ու բարեմաղթութիւններ ուղղեցին տարեցներուն. պատ-սպարեալները փոխադարձաբար առողջ, օրհնաբեր եւ հայավայել կեանք մաղթեցին պատանիներուն ու հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։
Տէր հօր «Պահպանի»չով փակուեցաւ օրուան այցելութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.