ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի ուսանողներուն կողմէ հիմնուած Նոր երաժշտութեան համոյթը («The Fresno State New Music Ensemble») որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած համերգ մը իրականացնել։
Երկուշաբթի, Մարտ 9ին կայանալիք համերգին ընթացքին պիտի ներկայացուին ժամանակակից հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։
Համոյթը պիտի կատարէ Չարլզ Ամիրխանեանէն, Ճոզէֆ Պոհիկեանէն, Էվա Պեկլարեանէն, Արթուր Ավանէսովէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Հայկ Արսէնեանէն, Աննա Այտինեանէն եւ այլ յօրինողներէն գործեր։
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ներս գործող Հայագիտական ծրագիրը կը համահովանաւորէ սոյն համերգը։
Նոր երաժշտութեան համոյթին մաս կազմող Ճոզէֆ Պոհիկեան Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած կտոր մը յօրինած է, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուի սոյն համերգին ընթացքին։
Նոյն համերգը պիտի կրկնուի Մարտ 28ին, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարան ու արուեստի կեդրոնին մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել՝ (559) 217-5285 թիւին կամ josephbohigian@gmail.com հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.