ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է այս արշաւանքին ողբերգական աւարտը: Երկու կրակի մէջտեղ մնացած հայ հայդուկները նահանջեցին, նահատակուողները նահատակուեցան, իսկ ձերբակալուածները աքսորուեցան մինչեւ Սախալին, աշխարհի միւս ծայրը:
Աւելորդ է ըսել, թէ այս արշաւանքը լուրջ դաս հանդիսացաւ այդ օրերու հայկական քաղաքական մտածողութեան համար, որ անհրաժեշտ է նախ գաղափարական ուժեղ հենքով ծրագիր եւ համապատասխան քաղաքական ռազմավարութիւն ունենալ՝ որեւէ նման քայլ առնելէ առաջ:
Այդ օրերուն, Հայաստան հասկացութիւնը պատմական յիշողութենէն անդին չէր անցներ: Հայուն հայրենիքը բաժնուած էր Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութիւններուն միջեւ: Զինեալ ապստամբութեան համար, նախ անհրաժեշտ էր տարածել նոյն այդ գաղափարը, միտքը եւ մտածողութիւնը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս, որպէսզի ազատագրական շարժումը ունենայ ժողովրդային լայն խարիսխ ու մասնակցութիւն: Տարբեր խօսքով, նախ անհրաժեշտ էր ստեղծել համաժողովրդային կարողականութիւնը, ապա գործի լծել զայն՝ հասնելու համար ճշդուած նպատակին:
Կուկունեանի արշաւանքէն քանի մը ամիս ետք, աշնան, նորակազմ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը պայքարի համաժողովրդային բնոյթին ու գաղափարին վրայ էր, որ կը շեշտէր՝ իր հրապարակած «Մանիֆէստ»ով: Նորակազմ կուսակցութիւնը համոզուած էր, որ հայ ժողովուրդն է իր ուժին թէ՛ աղբիւրը եւ թէ նպատակը: Իր կազմութենէն նուազ քան չորս տարի ետք, Դաշնակցութիւնը կը հրապարակէր իր առաջին ծրագիրը: Հոն, նախ կը բնութագրուէր կազմակերպութեան ընդհանուր աշխարհահայեացքը ընկերվարական շեշտադրումով, կը վերլուծուէր «Տաճկահայաստան»ի մէջ տիրող կացութիւնը եւ վերջապէս կ՛առաջադրուէր զինեալ յեղափոխութեան միջոցով «քաղաքական ազատութիւն» ձեռք բերել ու ստեղծել «ազատ Հայաստան»:
Զոյգ կայսրութիւններու կրունկներուն տակ ճզմուած ըլլալով, թէ՛ իբրեւ հայրենիք եւ թէ իբրեւ ժողովուրդ, հայութեան համար ամբողջութեամբ աննպաստ պայմաններու մէջ էր, որ ծնունդ կ՛առնէր հայ ազատագրական պայքարը: Այսօրուան չափանիշներով, ոչ ոքի «խելքին պառկելիք» բան էր կայսրութեան մը դէմ զինեալ պայքարի սկսիլ: Տրամաբանական բա՞ն էր զինուորագրուիլ կազմակերպութեան մը, որ զինեալ յեղափոխութեան դիմած էր: Խնդրին մէջ արիւն ու մահ կար, չէ՞: Դիւրին չէր դաշնակցական ըլլալը այդ օրերուն. Ազգին համար մինչեւ իսկ զոհուելու, նահատակուելու խնդիր կար:
Սակայն Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներուն համար ամենամեծ զէնքը ոչ թէ «Մոսին»ը կամ «Մաուզեր»ը, այլ՝ գաղափարի ուժն էր: Եւ այդ գաղափարը կը հաստատէր, որ աշխարհի վրայ պէտք չէ ըլլան իշխողներ եւ իշխուողներ, կեղեքողներ եւ կեղեքուողներ: Նոյն տրամաբանութեամբ եւ ազգամիջեան յարաբերութիւններու հարթութեան վրայ, ոչ մէկ ազգ իրաւունք ունի իշխելու այլ ազգի մը վրայ. ատիկա կը սանձահարէ մարդկութեան (ներառեալ՝ ազգերու) յառաջխաղացքը, համերաշխ զարգացումը եւ բարօրութիւնը: Մարդ արարածը ծնած է ազատ ու պէտք է ապրի ազատ՝ իր իսկ սեփական ու անկախ հայրենիքին մէջ: Մենք եւս իբրեւ հայութիւն, իրաւունքը ունինք ունենալու մեր սեփական, անկախ ու գերիշխան պետութիւնը, մեր սեփական հայրենիքի սահմաններէն ներս:
Անոնք, որոնք փարեցան այս գաղափարին, առաջ տարին հայկական ազատագրական շարժումը, իրաւացիօրէն արհամարհելով «հէօքիւմաթին դէմ կռուիլ կ՛ըլլա՞յ» հարցադրումը: Դաշնակցականները, որովհետեւ զինուած էին այս գաղափարներու ուժով, կարգապահութեամբ ու մէկ մարդու պէս այս հարցադրումին պատասխանեցին ըսելով, որ «կ՛ըլլայ»:
Այս պատասխանը տուողներէն հազար-հազարներու նոյնիսկ գերեզմանները յայտնի չեն:
Սակայն մէկ բան որոշ է ու յայտնի: Այդ ալ Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյութիւնն է, որ կը պարտինք այդ՝ գերեզմանը անյայտ հազարաւորներուն, որոնք հաւատացին այդ գաղափարին:
Բայց մեր պայքարը տակաւին իր վախճանական նպատակին հասած չէ: Հայութիւնը ունի երկու հիմնական խնդիրներ: Առաջինը՝ հողահաւաքի, երկրորդը՝ հայրենիքը ընկերային ու տնտեսական ԱՐԴԱՐ կարգերով օժտելու խնդիր:
Հողահաւաքը կը վերաբերի հայութենէն խլուած հողամասերու վերադարձին՝ իրենց արդարացի տիրոջ, հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան: Կը վերաբերի արդարութեան վերականգնումին: Այս երկու խնդիրներու արդար լուծումի ձգտումը հիմնաւորուած է նոյն այդ գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որոնք ճշդուած էին 1890ին ու տարիներու ընթացքին բիւրեղանալով, հասած են մեզի, այսօրուան սերունդին:
Այնպէս որ, պատասխանատուութիւն ենթադրող ու միաժամանակ ուժեղ ժառանգութիւն մը ունինք:
Այսօրուան աշխարհը, ըստ էութեան, շատ տարբեր չէ: Այդ օրերու կայսրութիւնները, ճիշդ է, չկան: Սակայն իշխողները փոխած են միայն ձեւ ու կերպարանք. երբեք՝ էութիւն: Թէ՛ ընկերային եւ թէ ազգամիջեան յարաբերութիւնները կը յատկանշուին անարդարութեամբ: Անցեալին նման այսօր եւս, մեծ կամ ուժեղ պետութիւնները կը փորձեն իրենց կամքը պարտադրել այլոց, կողոպտել աւելի թոյլերուն բնական հարստութիւնները՝ ի հարկին բռնի ուժով: Վայրագ դրամատիրութիւնը սանձարձակ կ՛արշաւէ ամէն ուղղութեամբ, ոտնակոխելով ամէն տեսակի մշակութային, ազգային կամ հոգեմտաւոր արժէք:
Այս պայմաններուն մէջ, իւրաքանչիւր դաշնակցական պարտաւոր է զինուիլ գաղափարական այս ժառանգութեամբ, որ օրին «կ՛ըլլայ» պատասխանեց բոլոր թերահաւատներուն:
Ինչ որ մեզ կը հասցնէ մեր խորագիրին. դժուար բան է դաշնակցական ըլլալը:
Յունուար 6, 2015
vproodian@gmail.com